Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Աուն Շնորհաւորեց Բանակայինները

January 30, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Նոր տարուան առիթով նամակ մը յղեց բանակայիններուն` հաստատելով, որ քաղաքական, տնտեսական, ապահովական եւ առողջապահական առումով անցեալ տարի մեծ դժուարութիւններ դիմագրաւած էր բանակը եւ միշտ իր բաժինը ստացած` հրամցուած լեղի բաժակէն: Զօր. Ժոզեֆ Աուն զինուորականներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ մասնաւորաբար նշեց. «Լիբանանեան բանակը իր հարցերն ու մտահոգութիւնները մէկդի դրած ամէն ջանք ի գործ դրած էր երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու, որովհետեւ իրեն համար անիկա առաջնահերթութիւն է եւ սուրբ պարտականութիւն:

Դուք քաջաբար դիմագրաւեցիք բոլոր մարտահրաւէրները եւ ոչ մէկ առիթ տուիք, որ սադրանքը ներխուժէ ձեր շարքերուն մէջ: Դուք եւս ապրուստի հոգով կը տառապիք` նկատի ունենալով երկրին տնտեսական տագնապը, բայց եւ այնպէս բնաւ առիթ չտուիք, որ այդ պատճառով երկրին ապահովական կայունութիւնը թուլնայ, ինչպէս նաեւ դիմադրեցիք ու կը շարունակէք դիմադրել համաճարակին` ձեր պարտականութիւնը կատարելով:

Լաւ իմացէ՛ք, որ դուք լիբանանցի ժողովուրդին վերջին յոյսն էք: Հակառակ մեր ապրած երկունքին, բոլոր յոյսերը ձեր ուսերուն զետեղուած են: Ձեր կարողութիւններուն վստահեցէ՛ք եւ ձեր հրամանատարութեան վստահեցէ՛ք, որովհետեւ ան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` պաշտպանելու ձեր իրաւունքները: Փաստեցէ՛ք հայրենիքին հանդէպ ձեր հաւատքը, որովհետեւ երկունքէն ետք անպայման ուրախութիւն է, որովհետեւ հայրենիքին վիճակը պիտի բարելաւուի եւ ան փառքի իր տարիները պիտի վերականգնէ: Ես միշտ հպարտացած եմ ձեզմով եւ կը շարունակեմ մնալ հպարտ: Այս առիթով կը յիշեմ նաեւ բանակի բոլոր նահատակները, որոնք ինկան հայրենիքի պաշտպանութեան ճամբուն վրայ, եւ կը խոստանանք անոնց, որ իրենց գործը պիտի շարունակենք:

Հայրենիքին սպառնացող վտանգներն ու դժուարութիւնները` որքան շատ ու մեծ ըլլան, մենք պիտի չյանձնուինք, այլ` յաւելեալ կառչածութիւն պիտի ցուցաբերենք մեր արժէքներուն հանդէպ:

Հայրենի հողն ու քաղաքացիները ամէնէն արժէքաւորն են մեզի համար: Մենք մեր խոստումին տէր կը մնանք: Ձեր զաւակներուն հայրենասիրութեան ոգի փոխանցեցէ՛ք: Քաջ գիտեմ ներկայի ձեր տառապանքին մասին, սակայն յոյսը պէտք չէ կորսնցնէք, որովհետեւ Լիբանան դարձեալ պիտի բարգաւաճի»:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Յունաստանի Դեսպանը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Նախագահեց Ընկերային Ապահովութեան Ցանցի Ֆինանսաւորման Ծրագիրը 246 Միլիոն Տոլարի Վարկով Մեկնարկելու Նիստին

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.