Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յ. Բագրատունի Ընդվզում Կը Յայտնէ Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն Թրքերէնի Ուսուցման Առցանց Դասընթացքին Առնչութեամբ

January 30, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Իմատ Օսման շրջաբերական մը յղեց Ներքին ապահովութեան ուժերու սպաներուն եւ զինուորներուն` հաստատելով, որ Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան հետ գործակցաբար թրքերէնի ուսուցման առցանց դասընթացքներ պիտի կատարուին:

Այս շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի հետ` իր զարմանքը յայտնելով այս տարօրինակ որոշումին առնչութեամբ:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ երկրին դիմագրաւած հսկայական այս տագնապներուն ընթացքին, երբ ամէնուր կը շօշափենք թրքական միջամտութիւնը, կարելի չէ ըմբռնել, թէ ինչո՞ւ նման պաշտօնական որոշում պէտք է տալ եւ նման դասընթացք առաջարկել:

«Լիբանանի քաղաքական անձնաւորութիւնները թրքերէն չեն խօսիր: Եթէ անոնց նպատակը լրտեսներ պատրաստել է, ապա անոնք թուրքերուն հաշուոյն լրտեսներ կը դառնան: Հասկնալի է, որ ոմանք փափաքին անգլերէն, ֆրանսերէն կամ սպաներէն սորվիլ, սակայն թրքերէ՞ն եւ այս ժամանակաշրջանի՞ն, երբ Թրիփոլիի մէջ ապահովական տագնապալի կացութիւն կը տիրէ, եւ թրքական սպասարկութիւնները զանազան վայրերու եւ տարբեր շրջանակներու մէջ կը փորձեն կարծիք ձեւաւորել եւ տեսակէտ պարտադրել, ինչպէս նաեւ թրքական քաղաքականութիւնը տարածել: Ամէն պարագայի` այս քայլը կը մնայ անհասկնալի», հաստատեց երեսփոխան Բագրատունի:

Իր կարգին, Ֆահմի փորձեց բացատրել, որ այդ որոշումը Ներքին ապահովութեան ուժերուն համար պարտադիր չէ եւ անիկա կը նմանի այլ լեզուներ, ինչպէս անգլերէն, սպաներէն կամ իտալերէն ուսուցանելու ծրագիրներուն:

Ֆահմի խոստացաւ այս հարցը հետապնդել եւ համապատասխան լուծումի մը յանգիլ:

 

 

Նախորդը

Թրիփոլիի Դէպքերը Կը Դատապարտուին Իշխանութեան Պետերուն Եւ Պատասխանատուներու Կողմէ, Իսկ Ապահովութեան Ուժերը Կը Շարունակեն Հետաքննութիւնը` Բացայայտելու Համար Սադրիչները

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ` Անյապաղ Վերադարձնելու Նոյեմբերին Գերեվարուած Յաւելեալ 57 Զինուորներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.