Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 1, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ յարաբերութիւնը եթէ չբարելաւուի, կարելի պիտի չըլլայ կառավարութիւն կազմել:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ ինք ոչ մէկ կառավարութեան կազմի իր վստահութեան քուէն պիտի շնորհէ, եթէ իրաւական հաշուեքննութիւնը անոր աշխատանքին առանցքը չկազմէ:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղատա Շրէյմ յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ մինչեւ օրս չէ պատասխանած ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ իրեն ուղղուած հարցումներուն:

«ՄԻՏԸԼ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը երէկ Տուպայէն Լիբանան փոխադրեց լիբանանցի քաղաքացի Զէյտ Տիքան. ան լիբանանցի առաջին քաղաքացին է, որ տուն վերադարձաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ արգելափակումէն ետք:

Նշենք, որ «Միտըլ Իսթ»-ի որոշումով 1-8 փետրուար Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ (Ժետտա, Ռիատ, Տամմամ) միջեւ բոլոր թռիչքները պիտի կասեցուին, բացի հինգշաբթի, 4 փետրուար 2021-ի Պէյրութ-Ռիատ թռիչքէն: Նոյն շաբթուան ընթացքին` երկուշաբթի, չորեքշաբթի, հինգշաբթի եւ շաբաթ օրերը, «Միտըլ Իսթ» Պէյրութ-Ֆրանսա իր թռիչքները եւս պիտի կասեցնէ, բացի երեքշաբթի, 2, ուրբաթ, 5 եւ կիրակի, 7 փետրուարի թռիչքներէն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուիի հետ, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանան հասած եգիպտական բժշկական օժանդակութեան համար:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Աթալլա յայտնեց, որ Թրիփոլիի դէպքերը հրահրելու յանցանքով հանրապետութեան նախագահին հասցէին կատարուած ամբաստանութիւնը «զարանցանք» է: Ան աւելցուց, որ Սաատ Հարիրի այս իշխանութեան օրով կառավարութիւն պիտի չկազմէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատեց, որ կառավարութեան մէջ տիւրզի համայնքի ներկայացուցչութեան նուազեցումը այդ համայնքը իրաւազրկել է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի տեղեկատուական հարցերու գրասենեակը հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ հանրապետութեան նախագահը չի վաւերացներ կառավարական այն կազմը, որ 50 օրէ ի վեր իր տրամադրութեան տակ կը գտնուի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պէտք է դիւրացնէ փրկութեան կառավարութեան կազմութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Պուսթանի հաստատեց, որ լիբանանեան պետական բոլոր կառոյցներուն եւ նախարարութիւններուն հաշիւները պէտք է իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նիքոլա Թուէյնի յայտնեց, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն ժառանգած են արդիւնաբերութեան ոչ արդիւնաւէտ ոճ մը եւ ընթացք մը:

ԱՆԿԱԽ նասըրականներու խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատունը իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելը պահանջուած է ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին:

 

 

Նախորդը

Գործերով Պէտք Է Ապրեցնել Հայաստանը

Յաջորդը

Զօր. Տել Քոլ Քոխաֆիի Հետ Քննարկեց Հարաւային Լիբանանի Ապահովական Կացութիւնը

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?