Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Նախագահեց Ընկերային Ապահովութեան Ցանցի Ֆինանսաւորման Ծրագիրը 246 Միլիոն Տոլարի Վարկով Մեկնարկելու Նիստին

Յունուար 30, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Ընկերային ապահովութեան ցանցի ֆինանսաւորման ծրագիրը Միջազգային դրամատան տրամադրած 246 միլիոն տոլարի վարկի հիման վրայ մեկնարկելու քայլը` ներկայութեամբ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի, փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըրի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնիի, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէի, Միջազգային դրամատան Արեւելքի շրջանի տնօրէն Սարուժ Քումարճահի, հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյրի, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէի եւ կառավարութեան մէջ այդ ծրագիրի գործադրութեան հոլովոյթի պատասխանատու Մարի Լուիզ Ապու Ժաուտէի:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Միջազգային դրամատան տրամադրած գումարը` 246 միլիոն տոլարի վարկը արդար եւ թափանցիկ ձեւով պիտի բաշխուի ամէնէն աղքատ ընտանիքներուն` առանց խտրութեան եւ միջնորդութեան: «Օժանդակութեան այս ծրագիրը նուազագոյն քայլն է, որ կարելի է առնել, որպէսզի այդ ընտանիքները կարենան դիմագրաւել տնտեսական դժուարութիւններն ու ելեւմտական տագնապը, ինչպէս նաեւ առողջապահական ճգնաժամը, որուն մէջ յայտնուած է ամբողջ աշխարհը` «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ մինչ Լիբանան կը ջանայ պայքարիլ այս համաճարակին դէմ եւ լիբանանցիներուն մօտ հաւաքական դիմադրողականութիւնը ամրապնդել` պատուաստներու ապահովումով, լիբանանեան պետութիւնը անոր զուգահեռ կը գործէ երկրին տնտեսական տագնապը թօթափելու ուղղութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ բարելաւել երկրին պայմանները եւ դարձեալ ծաղկեցնել Լիբանանը:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Միջազգային դրամատան` Լիբանանին զօրակցելուն համար` աւելցնելով, որ անիկա ցոյց կու տայ Միջազգային դրամատան վստահութիւնը Լիբանանին ու անոր ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ տնտեսական ու ելեւմտական տագնապներէն դուրս գալու անոր կարողութեան նկատմամբ:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցող ապահովական իրադարձութիւններուն` վերահաստատելով խափանարարական արարքները գործողները պատժելու կարեւորութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ ապահովական կառոյցները կը ճանչնան զանոնք, ինչպէս նաեւ ծանօթ են անոնց քաղաքական պատկանելիութեան:

Ան հաստատեց, որ ապահովութեան ուժերը ցուցմունքներ ստացած են պաշտպանելու հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաքը եւ արգիլելու պետական ու սեփական կառոյցներուն վրայ գործուելիք որեւէ յարձակում:

Իր կարգին, Հասսան Տիապ դատապարտեց Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած բախումներն ու խափանարարական արարքները, ինչպէս նաեւ երկրին տարբեր շրջաններուն օգտագործումը` քաղաքական սուր պատգամներ ուղղելու նպատակով:

Տիապ հաստատեց, որ այդ ոճը մերժելի է` նկատել տալով Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստ մը գումարելու հաւանականութիւնը, որպէսզի քննարկուին թէ՛ Թրիփոլիի եւ թէ՛ Լիբանանի համար անընդունելի նկատուող այդ դէպքերը:

Հասսան Տիապ հաստատեց, որ Թրիփոլիի քաղաքապետարանը հրկիզող ոճրագործները պէտք է ձերբակալուին, որովհետեւ անոնք իրենց արարքով Թրիփոլիի եւ անոր կորովին դէմ իրենց ատելութիւնը արտայայտեցին: Ան շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած խափանարարական արարքները ժողովրդային պահանջ չեն նկատուիր, եւ նման արարքներ կանխարգիլելու նպատակով քայլեր պիտի որդեգրուին:

Ապա Մաքքիէ ներկայացուց Լիբանանի ամէնէն աղքատ եւ կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակութեան ծրագիրին պատմականը, իսկ Մարի Լուիզ Ապու Ժաուտէ ներկայացուց Լիբանանին տրամադրուած վարկով վերոնշեալ ծրագիրը ֆինանսաւորելու մանրամասնութիւնները: Ան նշեց, որ անիկա պիտի օգտագործուի 197 հազար ընտանիքներու սննդեղէն ապահովելու:

Սարուժ Քումարճահ ողջունեց նախագահ Աունի կեցուածքը` այս աշխատանքը կատարեալ թափանցիկութեամբ գործադրելու առումով, եւ աւելցուց, որ Միջազգային դրամատունը այս օժանդակութիւնը կատարած է Լիբանանին, որովհետեւ զայն կը մտահոգէ Լիբանանի մէջ աղքատութեան հասած բարձր մակարդակը:

Ան շեշտեց, որ Միջազգային դրամատունը այս դժուար պայմաններուն նեցուկ պիտի կանգնի Լիբանանին, այնպէս ինչպէս կը կանգնի լաւ պայմաններուն ընթացքին:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Սայիտ Շամիսին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի մէջ անոր դիւանագիտական ծառայութիւնը աւարտած է, որպէսզի ան Գահիրէի մէջ սկսի դեսպանի իր պաշտօնին:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն բարձր գնահատեց Շամիսիի ի գործ դրած ջանքերը` Լիբանանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու առումով: Այս առիթով նախագահ Աուն Շամիսին պարգեւատրեց Մայրիներու «Բարձրաստիճան սպայ»-ի աստիճանի շքանշանով եւ բարեմաղթութիւններ ուղղեց անոր:

Իր կարգին, Շամիսի շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` անոր պարգեւած շքանշանին համար, ինչպէս նաեւ դրուատեց բոլոր լիբանանցի պատասխանատուներուն ցուցաբերած գործակցութիւնը` Լիբանանի մէջ դիւանագիտութեան իր վեց տարուան ծառայութեան ընթացքին:

Շամիսի շեշտեց, որ ինչ որ ալ ըլլան պայմանները, ինք միշտ պիտի աշխատի Լիբանան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդուած պահելու:

Նախորդը

Զօր. Աուն Շնորհաւորեց Բանակայինները

Յաջորդը

Թրիփոլիի Դէպքերը Կը Դատապարտուին Իշխանութեան Պետերուն Եւ Պատասխանատուներու Կողմէ, Իսկ Ապահովութեան Ուժերը Կը Շարունակեն Հետաքննութիւնը` Բացայայտելու Համար Սադրիչները

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?