Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 31, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մախզումի կոչ ուղղեց հրաժարած կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու` քաղաքական ուժերուն միջեւ տարակարծութիւնները մէկդի դնելու եւ կեդրոնանալու երկիրը տագնապներէ փրկելու վրայ:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց Փոփոխութիւն շարժումի նախագահ Էլի Մահֆուտը, որ յայտնեց, թէ իրենց հիմնական վախը քաոսն է:

ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յորդանանի դեսպան Ուալիտ Ապտել Ռահման Ժաֆալ Հատիտը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-յորդանանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան գործակատար Մարթին Լոնկտընը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սալամէ հարց տուաւ, թէ արդեօք 1980-ական թուականներո՞ւն վերադարձած ենք` աւելցնելով, որ բոլորը կը գտնուին անդունդի եզրին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր երեկոյեան ժամը 5:15-ին խօսք մը պիտի արտասանէ` իսլամ հոգեւորականներու համախմբումին ընթացքին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը շարունակէ իր ջանքերը` կառավարութեան կազմութեան նպատակով, սակայն մթնոլորտն ու կացութիւնը տակաւին կը մնան սեւ ու մութ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ գոյութիւն ունի կառավարութեան կազմութեան երկու կանոն,  որոնցմէ մէկը այն է, որ նախարարները ըլլան անկուսակցական մասնագէտներ, եւ կառավարութեան կազմին մէջ գոյութիւն չունենայ անոր որոշումները արգելակող մէկ երրորդ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Տահեր յայտնեց, որ Լիբանանը ելեւմտական եւ տնտեսական մակարդակներու վրայ վերջ գտած է եւ երկիրը կ՛ուղղուի դէպի քայքայում ու յաւելեալ վատթարացում:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ Լիբանանի հետ Եգիպտոսի ունեցած պատմական յարաբերութիւնը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կառավարութեան կազմութեան կարելիութիւնը տակաւին հեռու է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Նաժաթ Ռուշտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նախորդը

Վեհափառ Հայրապետը Օրհնեց Տասը Կոյսերը Խորհրդանշող Փոքրիկները

Յաջորդը

Տիապ. «Լիբանանի Մէջ Սուրիացի Տեղահանուածներուն Կեցութիւնը Ժամանակաւոր Է»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի  Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ  Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սուրիացի Դատապարտեալներ Սուրիա Տեղափոխելու Շուրջ Համաձայնութեան

January 31, 2026
Խորհրդարանական Ընտրութիւնները`  3 Եւ 10 Մայիսին
Լիբանանեան

Խորհրդարանական Ընտրութիւնները` 3 Եւ 10 Մայիսին

January 31, 2026
Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը  Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու  Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Գերիներու Թղթածրարը Առօրեայ Հետապնդման Առարկայ Է, Իսկ Գիւղերու Վերակառուցումը` Գերակայ Խնդիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.