Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանը Վաւերացուց Երկու Օրէնքներ, Իսկ Կառավարութիւնը Կազմելու Ոչ Մէկ Ճիգ Կը Նշմարուի

March 30, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կը մնայ սառած, երկրին մէջ տնտեսական տագնապն ու ապրուստի հարցը կը մնան քաղաքացիներուն վրայ ճնշող եւ յուսալքող ազդակներ:

Տիրող անյոյս վիճակը խզելու փորձ մը կը նկատուի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիանի կողմէ երէկ երեկոյեան կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ իրենք լիբանանցի պատասխանատուները տեղեակ պահած են, որ պէտք է վերջ տրուի կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն արգելակումին:

Լը Տըրիան լիբանանցի պատասխանատուներուն ըսաւ, թէ Եւրոպական Միութիւնը կը մտածէ ճնշում բանեցնել կառավարութեան կազմութեան աշխատանքները խոչընդոտողներուն վրայ:

Միւս կողմէ, խորհրդարանը երէկ վաւերացուց երկու օրէնքներ, որոնք կը վերաբերին Ելեկտրականութեան ընկերութեան 300 միլիառ լ. ոսկիի առ հաշիւ գումար յատկացնելու, ինչպէս նաեւ իւրացուած գումարները վերադարձնելու:

Խորհրդարանի լիագումար նիստը գումարուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին`   նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որ ընդգծեց օրէնքները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանը վտանգի ենթակայ է, եւ զարթնումի ժամանակը հասած է: «Եթէ նաւը ընկղմի, ապա բոլորը, առանց բացառութեան, պիտի ընկղմին: Կը զարմանամ, որ այդքան աշխատանք ունեցող կառավարութիւնը խորհրդարանէն կը պահանջէ սահմանադրութիւնը մեկնաբանել: Ասիկա առաջին, իսկ երկրորդ, եթէ պահանջուածը սահմանադրութեան փոփոխութիւնն է, ապա ան օրակարգի վրայ չէ ներառուած, հետեւաբար թող երթան եւ գործեն: Այս մասին այսօր տեղեակ պահեցի վարչապետի պաշտօնակատարը: Սահմանադրութեան թիւ 64-րդ յօդուածը` հրաժարած կառավարութեան եւ անոր իրաւասութիւններուն վերաբերող, Թաէֆի համաձայնագիրէն առաջ գոյութիւն չունէր: Հրաժարած կառավարութեան ունեցած իրաւասութիւնները նեղ շրջանակի են: Սահմանադրութիւնը այս իմաստով բացատրութեան կամ մեկնաբանութեան կարիք չունի, որովհետեւ անիկա յստակ է, եւ կը հաստատէ` կատարել բոլոր այն անհրաժեշտ քայլերը, որոնք ժողովուրդը վնասուելէ հեռու կը պահեն», ըսաւ Պըրրի:

Նախորդը

«Պէտք Է Կազմել Կառավարութիւն Մը, Որ Տնտեսական Եւ Ապրուստի Տագնապը Լուծելու Կարողութիւն Ունի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Բողոքի Ցոյց` Անվտանգութեան Խորհուրդի Շէնքին Դիմաց

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.