Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օտար Երկիրներու Մէջ Լիբանանցի Ուսանողներուն Ծնողները Բողոքի Ցոյց Կը Կատարեն

Մարտ 31, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կ՛ողջունէ
Եւրոպական Միութեան Կողմէ Լիբանանի Մէջ
Փտածութեան Եւ Մսխումի Բոյները Բացայայտող Հետաքննութիւնները

Օտար երկիրներու մէջ լիբանանցի ուսանողներուն ծնողները երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-ին կատարեցին բողոքի ցոյց մը` Կեդրոնական դրամատան դիմաց:

Անոնք պահանջեցին «Ուսանողի տոլար» օրէնքին գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ օտար համալսարաններ յաճախող լիբանանցի ուսանողներու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը:

Ցուցարար ծնողները հաստատեցին, որ օտար երկիրներու համալսարաններէն արդէն իսկ 200 ուսանողներ վտարուած են պարզապէս այն պատճառով, որ անոնք ամերիկեան տոլար չեն կրցած վճարել:

Նստացոյցը կատարուեցաւ Համրայի մէջ` լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ պարտադրուած ապահովական խիստ միջոցառումներուն ներքեւ:

Ապա ցուցարարները ուղղուեցան դէպի Համրա փողոցին մէջ գտնուող դրամատուները եւ իրենց բողոքի ցոյցերը կատարեցին անոնց դիմաց, ինչպէս նաեւ որոշ ժամանակի մը համար արգիլեցին, որ դրամատուներուն պաշտօնեաները իրենց աշխատանքին ուղղուին:

Նշենք, որ ցուցարարները հրկիզուող անիւներով փակեցին Համրա փողոցը` որոշ ժամանակի համար, այդ պատճառով ալ շրջանի կարգ մը դրամատուներ փակեցին իրենց դռները:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ նախագահեց Հզօր Լիբանան համախմբումի առցանց ընթացիկ նիստին, որմէ ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ համախմբումը կոչ կ՛ուղղէ նշանակեալ վարչապետին ներկայացնելու կառավարութեան կազմ մը, որ կը լրացնէ Ազգային ուխտին, սահմանադրութեան եւ մասնագիտութեան պայմանները, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տեղքայլի իր վիճակէն, ինչպէս նաեւ 18 թիւի կեղծ հանգոյցէն դուրս բերել:

«Համախմբումը յոյսով եւ դրական տրամադրուածութեամբ կը վարուի առաջարկուած բոլոր նախաձեռնութիւններուն նկատմամբ, եւ կը հաստատէ, որ լուծումները շատ են, եթէ նշանակուած վարչապետը որոշէ կառավարութիւնը ըստ օրէնքի կազմել», ըսաւ ան:

Համախմբումը դրուատեց խորհրդարանին կողմէ Իւրացուած գումարները վերադարձնելու օրէնքին վաւերացումը` հաստատելով, որ այդ օրէնքին գործադրութեան պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ իրաւասութիւններ ունեցող մարմիններուն վրայ: «Այս եւ նման այլ օրէնքներ կարեւոր են` բարեկարգումները իրագործելու եւ փտածութեան դէմ պայքարը իրականացնելու, յատկապէս եթէ նկատի ունենանք կառավարութիւն կազմելու ֆրանսական նախաձեռնութիւնը, որուն հիման վրայ նաեւ` տնտեսական, ելեւմտական եւ դրամական բարեկարգումներ գործադրելու պարտաւորութիւնը: Տակաւին կայ կարեւորագոյնը` իրաւական հաշուեքննութիւնը, որուն մասին ոչ ոք կը խօսի, սակայն անիկա հիմնական նախապայման է Լիբանանի օժանդակ երկիրներուն կողմէ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Հզօր Լիբանան համախմբումը ողջունեց Եւրոպական Միութեան կողմէ Լիբանանի մէջ փտածութեան եւ մսխումի բոյներն ու անոնց պատասխանատուները բացայայտող հետաքննութիւնները:

Համախմբումը կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութիւններուն կարելի եղածը կատարելու` երաշխաւորելու համար Լիբանանի իրաւունքները, ինչպէս նաեւ երկրին ցամաքային եւ ծովային ամբողջական սահմանները: «Այս շրջագիծին մէջ համախմբումը կը յիշեցնէ, որ երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ` արտաքին գործոց նախարար եղած օրերուն անհրաժեշտ գիրերը յղած է խնդրոյ առարկայ կողմերուն` Լիբանան-Սուրիա տնտեսական շրջանին խաչաձեւումին իմաստով: Այս իմաստով Պասիլ սուրիական կողմին յղած է նաեւ բողոքագիր մը` երաշխաւորելու համար Լիբանանի եւ անոր սահմանային իրաւունքները: Հետեւաբար անհրաժեշտ է Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ բանակցութիւններ կատարել` հիմնուելով բարի դրացնութեան եւ միջազգային օրէնքները յարգելու կարեւորութեան վրայ», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Սպառած Վիճակի Մէջ Կը Գտնուի Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ձգած Հետեւանքներուն Պատճառով»

Յաջորդը

«Ճերուզալեմ Փոսթ». Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ժամանակը Հիմա Է, Պայտըն Կրնայ Ուղղել Պատմական Սխալը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?