Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 6, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի յայտնեց, որ հիմնական ներածումներուն նպաստ յատկացնելու նպատակով պետութեան տրամադրած գումարը մինչեւ մայիսի վերջ կ՛աւարտի, հետեւաբար պէտք է այդ նպաստը հասցէագրել: «Երկրին մէջ տիրող կացութիւնը կարելի է փրկել վստահութիւն վայելող կառավարութեան մը քաղաքական որոշումով», ըսաւ Ուազնի:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ դրամատան Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի շրջանի փոխնախագահ Ֆարիտ Պալհաժ յայտնեց, որ Լիբանան պէտք է պատրաստ ըլլայ կարգ մը իսկական փոփոխութիւններ կատարելու, որպէսզի կարենայ միջազգային ֆինանսաւորում ստանալ: «Լիբանան պէտք է ինքն իրեն օգտակար հանդիսանայ, որպէսզի մենք ալ կարենանք օժանդակել անոր: Սակայն դժբախտաբար Լիբանան ցարդ ինքն իրեն չէ օժանդակած, եւ ներկայիս երկրին մէջ աղքատութեան համեմատութիւնը 50 առ հարիւրի հասած է», ըսաւ Պալհաժ:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մարի Քլոտ Նաժըմ հերքեց Փարիզի մէջ լիբանանցի քաղաքական բանտարկեալ Ժորժ Ապտալլայի ազատ արձակումին մասին լուրը` աւելցնելով, որ Ապտալլայի ազատ արձակման ճիգերը կը շարունակուին:

ԻՍԼԱՄ քարոզիչ սէյիտ Մոհամետ Ֆատլալլայի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ 13 ապրիլ 2021-ը կը զուգադիպի Ռամատանի առաջին օրուան:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով հսկայ լաւատեսութիւն մը արձանագրուած է` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտներէն հիմնական երկուքը կարելի եղած է փարատել, սակայն տակաւին կան այլ հարցեր, որոնք հանգուցալուծման կարիք ունին: Մուսաուի նշեց, որ կարելի եղած է համաձայնիլ 24 նախարար հաշուող կառավարութեան մը շուրջ, ինչպէս նաեւ լուծել կառավարութեան որոշումները սառեցնող մէկ երրորդի հարցը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ ֆրանսական նախաձեռնութիւնը տակաւին ի զօրու է` հաստատելով, որ որեւէ կառավարութեան կողմէ որդեգրուելիք աշխատանքային հիմնական սկզբունքները պէտք է ըլլան փրկարար սկզբունքներ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի նախագահ, երեսփոխան Պահիա Հարիրի մաղթեց, որ Լիբանան իր տագնապներու գողգոթայէն դէպի փրկութիւն ուղղուի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց, որ տօնական այս օրերը ըլլան կարեւոր փուլ մը` Լիբանանի յարութեան համար:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Ղասսան Հասպանի «Քորոնա» ժահրով վարակուեցան:

 

 

Նախորդը

Ս. Զատկուան Տօնը Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ. «Քրիստոսի Յաղթական Կեանքին Օրինակով Պէտք Է Հասնինք Անմահական Կեանքի Պարգեւին» Կ՛ըսէ Շահէ Արք. Փանոսեան

Յաջորդը

Ռայաքի Գերեզմանատան Դամբարաններու Դռներու Գողութիւն

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.