Իտալիոյ սպայակոյտի պետ զօր. Էնզօ Վիսիարելլի լիբանանեան բանակի «Ալ Ժայշ» լիբանանեան բանակի պաշտօնաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու շրջագիծին մէջ գործող իտալական զօրամասը շրջանի բնակչութեան եւ տեղական հաստատութիւններուն հետ իւրայատուկ վարուելակերպ կը ցուցաբերէ, հիմնուած` փոխադարձ յարգանքի եւ երկխօսութեան վրայ:
Ան նշեց, որ լիբանանեան բանակը տարբեր պայմաններու, յատկապէս բարդ պայմաններու ընթացքին իր պարտականութիւնները լիովին կատարած է: «Լիբանանեան բանակը հիմնական տարր է շրջանային կայունութիւնը երաշխաւորելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմելու», շեշտեց Վիսիարելլի:
Ան յայտնեց, որ ինք հանդիպում ունեցած է բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ եւ անոր հետ քննարկած իր այցելութեան նպատակը:
Վիսիարելլի ընդգծեց, որ Իտալիա պիտի շարունակէ իր աշխատանքը` հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու համար` աւելցնելով, որ հարաւային Լիբանանը շատ կարեւոր շրջան է` ամբողջ Միջին Արեւելքի քաղաքական եւ ռազմավարական հաւասարակշռութիւնը ապահովելու համար:



