Հզօր հանրապետութիւն պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ գործուղուած, երէկ այցելեց Շիիներու գերագոյն խորհուրդի կեդրոնատեղի, ուր դիմաւորուեցաւ խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Խաթիպ ողջունեց պատուիրակութիւնը` ընդգծելով լիբանանցիներուն միջեւ մտավախութիւնները փարատելու եւ բոլորին միջեւ վստահութիւնը վերականգնելու կարեւորութիւնը:
Խաթիպ շեշտեց, որ շիիները իրենց բոլոր կառոյցներով կը մերժեն քաղաքացիական կամ յարանուանական պատերազմը: «Մենք պատերազմի սիրահարներ չենք եւ խոստացած ենք մեր զէնքը ներքին լիբանանեան նպատակով չօգտագործել: Մեր կրօնական եւ ազգային պարտականութիւնն է քրիստոնեայ համայնքին պաշտպանութիւնը, եւ այդ իւրայատկութեան տէր պիտի կանգնինք, իսկ ուրիշներ պէտք է նկատի ունենան հարաւային Լիբանանի բնակիչներուն մտավախութիւնները եւ անոնց սպառնացող իսրայէլեան վտանգը», ըսաւ Խաթիպ:
Ան հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը իսրայէլեան բռնագրաւումի եւ տկար պետութեան հետեւանք է: «Դիմադրութեան զէնքը իսրայէլեան բռնարարքները սանձելու համար է, իսկ թշնամի Իսրայէլի կողմէ ամէնօրեայ դրութեամբ երկրին գերիշխանութեան դէմ արձակուող սպառնալիքներուն, ինչպէս նաեւ ցամաքային, ծովային եւ օդային ոտնձգութիւններուն զուգահեռ Լիբանանի չէզոքութեան վրայ հիմնուիլը տագնապներ չի կրնար լուծել», ըսաւ Խաթիպ` աւելցնելով, որ արտաքին աշխարհին վրայ դրուած որեւէ գրաւ ձախող գրաւ է:
Ան շեշտեց, որ Լիբանան գոյութենական վտանգի դիմաց կը գտնուի, եւ քաղաքական ուժերը պէտք է ստանձնեն իրենց պարտականութիւնը եւ ամէնէն արագ միջոցին կազմեն ազգային միասնականութեան կառավարութիւն, որուն աշխատանքներուն բոլորը կը մասնակցին` երկիրը տնտեսական եւ ելեւմտական փլուզումէ փրկելու համար:
Խաթիպ ընդգծեց, որ այսօր պահանջուած է գործադրել Թաէֆի համաձայնագիրը եւ ամուր հիմերու վրայ կառուցել պետութիւն մը, որ այս կամ այն շրջանին կամ քաղաքացիին միջեւ խտրութիւն չի դներ:
Հզօր հանրապետութիւն պլոքին անունով երեսփոխան Անթուան Հապշի նշեց, որ իրենց կատարած այցելութիւնը լիբանանեան համերաշխութեան փաստն է` աւելցնելով, որ Շիիներու գերագոյն խորհուրդին հիմնական նպատակը եղած է Լիբանանի միասնականութիւնը, ազատութիւնն ու անկախութիւնը:
Հապշի յայտնեց, որ Լիբանանի զարթօնքին ու վերընձիւղման հիմը չէզոքութիւնն է եւ իր շրջապատին հետ լաւագոյն յարաբերութիւններու կերտումը:
Ան աւելցուց, որ լիբանանեան պետութեան հզօրացումը կարելի է ապահովել, երբ զէնքը միայն լիբանանեան ապահովական ուժերուն եւ կառոյցներուն մօտ կը գտնուի, որպէսզի անոնք պաշտպանեն բոլոր լիբանանցիները ամէն տեսակի վտանգէ եւ բռնարարքէ` ըլլայ ան իսրայէլեան թէ այլ: