Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Առանցքային Ճիգեր` Երկրի Քաղաքական Եւ Տնտեսական Տագնապներու Լուծման Գծով

Ապրիլ 1, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամիսներէ ի վեր երկրին մէջ տիրող քաղաքական տագնապի լուծման գծով ուշագրաւ աշխուժութիւն արձանագրուեցաւ լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ: Արդարեւ, Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումէն 160 օր ետք երկիրը տակաւին կը տապլտկի քաղաքական տարակարծութեանց մակընթացութեան մէջ, մինչ հրաժարեալ կառավարութիւնը կը փորձէ կարգաւորել առկախ մնացած հարցերը: Այս իրավիճակին հիմք տուող նախանշանները զգալի էին երէկ` մէկէ աւելի խորհրդակցական «ճակատներու» վրայ: Աւելի՛ն, կը նախատեսուի, որ այս խորհրդակցութիւնները դրական ձեւով արդիւնաւորուին յառաջիկայ 48 ժամերուն: Փաստօրէն, նախագահ զօր. Միշել Աունի վերջերս նախաձեռնած դիւանագիտական թէ ներքին քաղաքական խորհրդակցութիւններուն` Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիյայի եւ ապա Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի, ինչպէս նաեւ` Պքերքէի հետ բացուած քուլիսային խօսակցութիւններու լոյսին տակ, ճիգերը շարունակուեցան դրական եզրայանգումի միտումով: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր երէկ` չորեքշաբթի, 31 մարտին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յայտարարութիւնը կառավարութեան կազմութեան գծով, ուր ան հաստատեց, թէ մէկէ աւելի կողմերու մասնակցութեամբ լուրջ ճիգեր կան կառավարութեան կազմութեան դէմ ցցուող արգելքներու հարթումին գծով:

Նոյնքան ուշագրաւ էր քաղաքական երկու «հակադիր» կեցուածքներով ծանօթ` Պքերքէի եւ Հըզպալլայի ներկայացուցիչներուն միջեւ վերջերս կայացած հանդիպումը: Նշենք, որ այս հանդիպումը կու գար նախկին նախարար Սըժաան Քազզէի եւ Պքերքէի մամլոյ գրասենեակի պատասխանատու Ուալիտ Ղայեատի Ռայի պատրիարքին կողմէ Այն Թինէ գործուղումէն ետք: Ղայեատ իր կարգին «դրական» որակած էր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իրենց  խորհրդակցութիւնները: Այս գծով կը նախատեսուի, որ 24 նախարարներէ բաղկացած կառավարութիւն մը կազմուի, ուր ոչ մէկ կողմի հակակշիռին տակ պիտի ըլլայ այսպէս կոչուած «արգելակիչ մէկ երրորդ»-ի առաւելութիւնը: Նմանապէս` Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի մագոգային, բայց քուլիսային տեսակցութիւնները «բանալի» անձնաւորութիւններու հետ, որոնց նորագոյն հանդիպումը կայացաւ երէկ, Այն Թինէի մէջ, ուր Իպրահիմ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ խորհրդակցեցաւ կառավարութեան կազմութեան փութացման գծով Պըրրիի ներկայացուցած նախաձեռնութեան ծալքերուն շուրջ: Այս իմաստով խիստ հաւանական կը նկատուի, որ խորհրդարանի նախագահը Պաապտայի պալատ այցելէ եւ խորհրդակցի նախագահ Միշել Աունի հետ:

Նաեւ` Միջազգային Մակարդակի Ճիգեր

Լիբանանի քաղաքական տագնապի լուծման գծով նոյնպէս մտահոգ են արտաքին շրջանային թէ միջազգային կողմեր, որոնք մերթ իրենց մէկ ներկայացուցիչին յայտարարութիւններով, մերթ ալ պատուիրակներու առաքումով կը փորձեն դրական ճեղքեր բանալ ամիսներէ ի վեր տեղքայլի մէջ եղող կառավարութեան կազմութեան «անդամալուծուած» կացութեան մէջ: Այս ծիրին մէջ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի Լիբանանի կառավարութեան գծով տեղական վարիչներուն հասցէագրած «շարժելու» անուղղակի  «կոչ»-էն ետք, իրանեան պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց Պքերքէ: Իրանեան պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ շէյխ Համիտ Շահրիարի, խորհրդակցութիւններ ունեցաւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ քննարկման ընթացքին Լիբանանի իրավիճակն ու քաղաքական տագնապի լուծման նախաքայլը նկատուող կառավարութեան կազմութեան ճիգերը առանցքային տեղ ունէին: Այս առիթով իրանցի ղեկավարը անհրաժեշտ նկատեց լիբանանեան ազգային միասնականութեան ամրապնդումը`  յիշեցնելով, որ լիբանանցիք նախապէս ալ գտնուած են դժուար պայմաններու մէջ, ուր  ազգային համերաշխութիւնը գլխաւոր երաշխիքը եղած էր յաղթահարելու այդ դառն ու դժուար պայմանները: Նմանապէս` նախագահ Միշել Աունի խորհրդականներէն նախկին երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ երէկ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Միջին Արեւելքի հարցերու ներկայացուցիչ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովի հետ: Անոնց միջեւ նոյնպէս խօսակցութեանց առանցքը կազմեց շրջանի ու յատկապէս` Լիբանանի քաղաքական տագնապի լուծման նախաքայլ` կառավարութեան կազմութեան հարցը: Հոս ալ մթնոլորտը դրական էր, եւ ռուս ներկայացուցիչը վերահաստատեց իր երկրին զօրակցութիւնը լիբանանեան բոլոր կողմերուն` ի սպաս քաղաքական տագնապներու հարթումին:

 

Նախորդը

Նասրալլա. «Ժամանակն Է Հարցերու Լիիրաւ Լուծման Ուղղուելու»

Յաջորդը

Պըրրի Հանդիպում Ունեցաւ Բագրատունիի Հետ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?