Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հասան. «Ասթրազենիքա» Պատուաստ Ստացող 6 Հազար Քաղաքացիներու Մօտ Կողմնակի Ազդեցութիւններ Չեն Նշմարուած»

April 6, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Առողջապահութեան Նախարարութիւնը Կը Շարունակէ
«Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պատուաստումը

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1001 վարակուածներ եւ 34 մահացածներ:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը այսօր Չինաստանէն նուէր պիտի ստանայ 50 հազար «Սինոֆարմ» պատուաստ, որոնց 10 հազարը պիտի տրամադրուի լիբանանեան բանակին, 20 հազարը` լրագրողներուն եւ լուսանկարիչներուն, իսկ մնացեալը պիտի տրամադրուի սենտիքաներուն:

Հասան յայտնեց, որ այս իմաստով ինք կապ պահած է տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Մանալ Ապտել Սամատի հետ:

Նշենք, որ Հասան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ շուրջ 87 հազար հոգի «Ֆայզըր» պատուաստի երկու ներարկումները ստացած է, իսկ աւելի քան վեց հազար քաղաքացիներ «Ասթրազենիքա» պատուաստը ստացած են, եւ անոնց մօտ կողմնակի ազդեցութիւններ չեն նշմարուած:

Հասան դիտել տուաւ, որ ցարդ նախարարութեան ստեղծած պատուաստումի յատուկ ե-հարթակին վրայ արձանագրուած են մէկ միլիոն քաղաքացիներ` աւելցնելով, որ այս ամսուան ընթացքին 70 տարիքը բոլորած եւ անկէ վեր բոլոր քաղաքացիները իրենց պատուաստները ստացած պիտի ըլլան:

Ան նշեց, որ 65-70 տարիքի քաղաքացիները մինչեւ մայիսի աւարտ իրենց պատուաստը ստացած պիտի ըլլան:

Հասան վերահաստատեց, որ 55-64 տարիքի քաղաքացիները պիտի ստանան «Ասթրազենիքա» պատուաստը` նկատել տալով, որ սեփական մարզին համար կարելի եղած է 750 հազար «Ֆայզըր» պատուաստ ապահովել:

Իր կարգին, «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի լիբանանեան պետական շտապի նախագահ Ապտել Ռահման Պըզրի շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքացին իրաւունք ունի ստանալու լաւագոյն պատուաստը` լաւագոյն չափանիշներով:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն իրենց անունները արձանագրելու պատուաստ ստանալու նպատակով ստեղծուած ե-հարթակին մէջ:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի զգուշացուց առողջապահական մարզի փլուզման եւ առողջապահական ապահովութեան չգոյութեան վտանգներէն:

Արաժի հաստատեց, որ բժիշկի այցեգինը բարձրացնելու պարագային լիբանանեան ընկերութիւնը պիտի տուժէ, եւ բժշկուելու կարելիութիւն պիտի ունենան միայն հարուստները:

Ան հաստատեց, որ կարգ մը հիւանդանոցներ հաստատած են, որ իրենց մօտ բժիշկի այցեգինը եւ բուժման ծախսերը պիտի եռապատկեն կամ քառապատկեն, իսկ ապահովագրութեան ընկերութիւնները հաստատած են, որ նման կարելիութիւններ չունին, եւ այդ պարագային կրնան սնանկանալ:

Սեփական հիւանդանոցներու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն յայտնեց, որ սեփական հիւանդանոցները կարիքը ունին բժշկական ծախսերը եռապատկելու կամ քառապատկելու` նկատի ունենալով, որ լիբանանեան դրամանիշը արժեզրկուած է:

Հարուն ընդգծեց, որ Լիբանանի առողջապահական մարզը սնանկացումի ենթակայ է:

 

 

Նախորդը

Ռայաքի Գերեզմանատան Դամբարաններու Դռներու Գողութիւն

Յաջորդը

Երկրին Անյոյս Իրավիճակին Լոյսին Տակ` Լիբանան Պաշտօնական Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Յորդանանին

RelatedPosts

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի  Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի  Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին  Ներկայացնէ Կառավարութեան»
Լիբանանեան

Մըրքոս. «Բանակը Աշխատանք Պիտի Տանի Լիթանի Գետէն Հիւսիս Զինաթափումի Ծրագիրի Պատրաստութեան Վրայ Եւ Զայն Փետրուարին Ներկայացնէ Կառավարութեան»

January 9, 2026
Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան  Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»
Լիբանանեան

Նեթանիահու. «Լիբանանեան Կառավարութեան Եւ Բանակին Ջանքերը Բաւարար Չեն»

January 9, 2026
Լիբանանեան Բանակը Ձերբակալեց Թրիփոլիի  Տօնածառը Հրկիզելու Դէպքին Մեղսակիցները
Լիբանանեան

Բանակը Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Նպատակներու Իրագործումը Յայտարարեց

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.