Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հասան Քանաանի Հետ Քննարկեց Մեթնի Մէջ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարող Դարմանատուներ Պատրաստելու Կարեւորութիւնը

April 9, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3510 վարակուածներ եւ 37 մահացածներ:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց Տահըր Պաշեք հիւանդանոցին վստահուած պարտականութիւնները եւ հիւանդանոցին կարիքները, յատկապէս բժշկական սարքերու իմաստով:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Մեթնի մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարող դարմանատուներ պատրաստելու կարեւորութիւնը:

Քանաան շեշտեց, որ պէտք է ըլլան դարմանատուներ, որոնք թթուածինի սարքերով կահաւորուած են եւ կարողութիւն ունին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն նախնական բուժում տրամադրել:

Ան շեշտեց, որ յառաջիկայ օրերուն ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ հետապնդելու այդ թղթածրարը եւ պետական ու սեփական մարզերուն կողմէ առաջարկուած կարգ մը ծրագիրներու գործադրութեան համար ֆինանսաւորում պիտի ապահովէ:

Քանաան նկատել տուաւ նաեւ, որ Հասանի հետ քննարկած է պետական մարզի պաշտօնեաներն ու պետական հաստատութիւններուն ու վարչութիւններուն պաշտօնէութիւնը պատուաստելու առաջնահերթութիւնը, որովհետեւ անոնք ամէնօրեայ դրութեամբ քաղաքացիներուն հետ շփումի մէջ են:

Նշենք, որ Հասան երեկոյեան անդրադարձաւ «Քորոնա» ժահրին դէմ «Ասթրազենիքա» պատուաստին` ընդգծելով, որ Լիբանանի մէջ 8 հազար քաղաքացիներ «Ասթրազենիքա»-ով պատուաստուած են, եւ անոնցմէ ոչ մէկ պարագայ հիւանդանոցային բուժման կարիք զգացած է:

Ան նշեց, որ պատուաստումի պետական ե-հարթակին վրայ արձանագրուած 75 տարիքը բոլորած քաղաքացիներուն 77 առ հարիւրը արդէն իսկ պատուաստուած է, իսկ առողջապահական մարզին մէջ գործող պաշտօնէութեան 72 առ հարիւրը պատուաստ ստացած է:

Հասանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Պարըշ Ուլուսոյը: Քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու միջոցները:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ստացաւ «Սինոֆարմ» պատուաստը`  բացումը կատարելով լիբանանեան բանակի զինուորները պատուաստելու արշաւին:

 

Նախորդը

Ուեհպէ Ընդունեց Զուիցերիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

Նաքուրայի Մէջ. Տել Քոլ Նախագահեց Եռակողմանի Նիստին

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.