Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Ապրիլ 9, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն եւ «Էս. Ժէ. Պէ. Էլ.» դրամատունը ամբաստանեց Լիբանանէն հսկայական գումարներ դէպի դուրս փոխանցելու եւ լիբանանեան դրամանիշը արժեզրկելու յանցանքով:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռագիր մը յղեց յորդանանցի իր պաշտօնակից Ապտել Մենեմ Աուտաթին` դատապարտելով Յորդանանի ապահովական կայունութիւնը վտանգի ենթարկելու փորձը: Ան հաստատեց, որ Լիբանան կը զօրակցի Յորդանանի կայունութեան, գերիշխանութեան եւ բարգաւաճման:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻ եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարներու պաշտօնակատարներ Շարպել Ուեհպէն եւ Ռեմոն Ղաժարը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ ջրային սահմանագծումի թղթածրարը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ միացեալ յանձնախումբերը իրենց նիստը յետաձգեցին երեքշաբթի, 13 ապրիլ 2021-ին` նկատի ունենալով, որ մեծ թիւով երեսփոխաններ «Քորոնա» ժահրով վարակուած են:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ «Քորոնա» ժահրի ախտաճանաչման «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւնն ու «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումը ոչ մէկ ձեւով կը խանգարեն ռամատանի առիթով կատարուած ծոմապահութիւնը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Նաժաթ Ռուշտիի հետ: Քննարկուեցաւ երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնը, որուն լոյսին տակ Ռուշտի ընդգծեց, որ ՄԱԿ կը զօրակցի Լիբանանին` անոր դիմագրաւած տնտեսական եւ քաղաքական տագնապին շրջանցումին ճամբուն վրայ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ղազի Արիտի հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտողը Լիբանանի դէմ ոճիր կը գործէ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նատա Պուսթանի յայտնեց, որ ինք ելեկտրականութիւն արտադրող նաւերուն գծով տրուած կաշառքներու թղթածրարին հետ ոչ մէկ կապ ունի` հաստատելով, որ պատրաստ է դատական իշխանութիւններուն դիմաց հարցերը պարզաբանելու:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ օրըստօրէ աւելի եւս կը բացայայտուին այն փտածները, որոնք կը մերժեն իրաւական հաշուեքննութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է վերադասաւորէ իր նիւթական պարտաւորութիւնները` պահպանելու համար քաղաքացիին ընկերային անվտանգութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ մարմինը պէտք է ամէն տեսակի կասկածէ վեր ըլլայ` աւելցնելով, որ այս հարցին վրայ կեդրոնացումը քաղաքական նպատակներ կը հետապնդէ:

ԱՄԱԼ շարժումի կրթական թեւը հաստատեց, որ ուսանողներուն համալսարան վերադարձին վերաբերող Լիբանանեան համալսարանին որոշումը արագ տրուած որոշում է, եւ Ամալ շարժումը կոչ կ՛ուղղէ Լիբանանեան համալսարանի նախագահութեան յետս կոչելու իր որոշումը:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ Փարիզէն վերադառնալէ ետք եղած է այն տպաւորութեան տակ, որ կառավարութեան կազմութիւնը արգելակողը Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլն է: Նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ Իպրահիմ հանդիպում մը ունեցած է Պասիլի հետ եւ անոր բառացի կերպով փոխանցած ֆրանսական կեցուածքը եւ յորդորած, որ գործակցութիւն ցուցաբերէ:

Նախորդը

Առողջապահական Եւ Երկրագործական Նիւթերու Յատկացումներ` Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի

Յաջորդը

Հիլթըն. «Լիբանանեան Բանակը Երկրին Ապահովական Կայունութեան Երաշխիքն Է` Տագնապներու Ժամանակաշրջանին»

RelatedPosts

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ  Ընտրութիւնները Կայացան`  Սահմանափակ Խնդիրներով
Գլխաւոր լուրեր

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ Ընտրութիւնները Կայացան` Սահմանափակ Խնդիրներով

Մայիս 12, 2025
Նախագահ Աուն Քուէյթ Կ՛այցելէ
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Քուէյթ Կ՛այցելէ

Մայիս 12, 2025
Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?