Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց «Անսար» մարզական ակումբի նախագահ Նապիլ Պատըրը, ինչպէս նաեւ «Ահըտ» մարզական ակումբի ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Ասին` ներկայութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամէի:
Պատըր շնորհակալութիւն յայտնեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանին` արտաքին մրցումներու մէջ լիբանանեան ակումբներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին նկատմամբ իր խոստումին յանձնառու մնալուն համար:
«Ինչպէս խոստացաւ, այդպէս ալ գործադրեց, իսկ այս կեցուածքին փոխադարձելու համար անոր տրամադրութեան տակ դրինք նիւթական օժանդակութիւն մը, որ 10 ֆետերասիոններու պիտի յատկացուի: Ֆետերասիոնները պիտի ընտրուին նախարարին կողմէ. այդպիսով մենք ալ մեր խոստումը յարգած կ՛ըլլանք», ըսաւ Պատըր:
Պատըր դիտել տուաւ, որ նախարարը պատուաստներ ապահովեց արտաքին մրցումներու մասնակցութեան յանձնառութիւն ունեցող մարզական ակումբներուն եւ ազգային խումբին, հետեւաբար մեր կողմէ այդ քայլին դիմելու կարիք չմնաց: Այդ պատճառով ալ նախաձեռնեցինք ֆետերասիոններուն նիւթական օժանդակութիւն յատկացնել, որպէսզի մենք ալ մեր հաւատարմութիւնը ցոյց տանք նախարարին», ըսաւ Պատըր:
Իր կարգին, Ասի յայտնեց, որ այս այցելութեան նպատակն էր շնորհակալութիւն յայտնել Վ. Օհանեան-Գէորգեանի` լիբանանեան մարզական խումբերուն արտաքին մրցումներուն մասնակցութեան զօրակցութեան առումով անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար:
«Լիբանանէն դուրս մարզական մրցումներու մասնակցող խումբերուն եւ պատուիրակութիւններուն նկատմամբ նախարարին ցուցաբերած յատուկ վերաբերմունքը դրական ազդեցութիւն ունեցաւ մեր հոգիներուն վրայ` իբրեւ մարզական խումբերու վարչականներ եւ մարզիկներ: Լիբանանը արտաքին մրցումներուն ներկայացնող ոեւէ լիբանանցի մարզիկ նման յատուկ վերաբերումի չէ արժանացած, իսկ արտաքին մրցումներուն մասնակից մարզիկները պատուաստելու նպատակով Վ. Օհանեան-Գէորգեանի ջանքերը յաջողութեամբ եւ դրական արդիւնքով պսակուեցան», ըսաւ Ասի:
Վ. Օհանեան-Գէորգեանի այցելեցին նաեւ Ռակպի Եունիընի Լիբանանի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ապտալլա Ժամալ, ինչպէս նաեւ «Պէյրութ Մարաթոն» միութեան նախագահ Մայ Խալիլ:
Ժամալ շնորհակալութիւն յայտնեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանին` անոր ցուցաբերած զօրակցութեան եւ հետեւողական աշխատանքին համար, եւ խնդրեց ճիգ չխնայել` ապահովելու համար ֆետերասիոններուն յատկացուած գումարները:
Իր կարգին, Մայ Խալիլ յայտնեց, որ այցելութեան նպատակն էր նախարարը տեղեակ պահել կիներու յատուկ մարաթոնին մասին, որ տեղի պիտի ունենայ 23 մայիս 2021-ին` որդեգրելով «Քորոնա»-ի համաճարակէն նախազգուշանալու բոլոր միջոցառումները:
«Այս մարաթոնին նպատակն է մարզանքին ընդմէջէն կիներուն զօրակցիլ», ըսաւ ան:
Խալիլ նշեց, որ այս մարաթոնը պիտի ըլլայ տեղական, իսկ անոր մասնակիցներուն առաւելագոյն թիւը պիտի ըլլայ 600 հոգի: Մարաթոնը պիտի ունենայ կիներու յատուկ 10 քմ վազքի դրութիւն, ինչպէս նաեւ 21 քմ վազքի դրութիւն, որուն նաեւ կրնան մասնակցիլ տղամարդիկ` «Կը վազէ, ըսելու համար, որ կը զօրակցի կիներուն» կարգախօսին ներքեւ:
«Վ. Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց իր պատրաստակամութիւնը ընդառաջելու մեր բոլոր պահանջներուն եւ յաջողութիւն մաղթեց մեզի», ընդգծեց Խալիլ: