Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նաքուրայի Մէջ. Տել Քոլ Նախագահեց Եռակողմանի Նիստին

Ապրիլ 9, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռաս Նաքուրայի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական եռակողմանի նիստ մը` նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի եւ ներկայութեամբ իսրայէլեան ուժերու եւ լիբանանեան բանակի սպաներու մէկ պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մօտ Լիբանանի կառավարութեան գործակատար գնդապետ-զօրավար Հասիպ Ապտոյի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ տիրող կացութիւնը, իսրայէլեան ուժերուն գործած ցամաքային եւ օդային ոտնձգութիւնները, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին ներառած կարգ մը կէտերու խախտումները:

Տել Քոլ հաստատեց եռակողմանի նիստին կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ անիկա գործիքակազմ մըն է, որուն նպատակն է լարուածութիւնը մեղմացնել, թիւրիմացութեան առիթ չտալ եւ հարցերուն լուծումներ ապահովել:

«Կոչ կ՛ուղղեմ երկու կողմներուն ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ գործակցութիւնը շարունակելու, ինչպէս նաեւ ճշդելու սահմանային Կապոյտ գիծին վրայ գտնուող այն շրջանները, որոնց շուրջ տարակարծութիւն գոյութիւն ունի: Այս ձեւով կարելի է ամրապնդել հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը եւ մեղմացնել ապահովական մագլցումներու հաւանականութիւնը», ըսաւ Տել Քոլ:

Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը այս նիստին մասին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ լիբանանեան կողմը դատապարտած է լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած իսրայէլեան ցամաքային, ծովային եւ օդային ոտնձգութիւնները:

«Լիբանանեան բանակը հաստատեց թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան իր կառչածութիւնը, ինչպէս նաեւ ընդգծեց բռնագրաւուած լիբանանեան հողերէն իսրայէլեան ուժերու նահանջին կարեւորութիւնը, յատկապէս Մազարեհ Շեպաայէն, Քֆարշուպայի բարձունքներէն եւ հիւսիսային Ղաժարէն», նշուեցաւ բանակի հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Հասան Քանաանի Հետ Քննարկեց Մեթնի Մէջ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարող Դարմանատուներ Պատրաստելու Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

«Լիբանանի Տագնապին Լուծման Նպատակով Արաբական Լիկային Կողմէ Որեւէ Նախաձեռնութիւն Ողջունելի Է» Հաստատեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ
Գլխաւոր լուրեր

Մսայլեհի Վրայ Իսրայէլեան Բուռն Յարձակումներ

Հոկտեմբեր 13, 2025
«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ
Լիբանանեան

«13 Հոկտեմբեր»-ի Նահատակներու Յիշատակի Ոգեկոչում` «Ֆորում Տը Պէյրութ»-ի Մէջ

Հոկտեմբեր 13, 2025
Շէյխ Քապալան. «Լիբանանը Քաղաքական Աղէտի Մէջ Է,  Եւ Ազգային Փրկութիւնը Նախագահ Աունի Ձեռքն Է»
Լիբանանեան

Քապալան. «Հարաւային Լիբանանը Իր Ճակատագիրին Ձգուած Է»

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?