Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 10, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 2500 վարակուածներ եւ 43 մահացածներ:

ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի Իրաք կատարելիք այցելութիւնը յետաձգուած է իրաքեան ներքին տարակարծութիւններուն պատճառով:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց պատրիարքին` Ս. Զատկուան տօնին առիթով: Ռայի պատրիարքը բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` երկրին դիմագրաւած այս ծանր եւ դժուար պայմաններուն ընթացքին: Ան կոչ ուղղեց զօրակցելու բանակին, որ ոգի ի բռին կը պաշտպանէ Լիբանանը:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Դամասկոսի դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումը, որ կատարուած էր չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին: Հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Լիբանան կը մերժէ Իսրայէլի կողմէ լիբանանեան օդային տարածքներու օգտագործումը` թիրախ դարձնելու համար սուրիական հողերը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան տագնապը զուտ լիբանանեան է` աւելցնելով, որ յստակ է, թէ ֆրանսացիներուն համբերութիւնը սկսած է հատնիլ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ կոչ ուղղեց կառավարութեան իրաւական հաշուեքննութեան գործադրութեան սկսելու` հաստատելով, որ պիտի յուսահատին բոլոր անոնք, որոնք Ամալ շարժումն ու Հըզպալլան կը մեղադրեն իրաւական հաշուեքննութիւնը մերժելու յանցանքով:

 

 

Նախորդը

Կամք-Երեսփոխանական Գրասենեակ. Դեղերու Յանձնում` Դարմանատուներու

Յաջորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Հաւանական Վտանգներուն Երկարաձգումն Ու Կառավարութեան Կազմութեան Ջանքերուն Արգելակումը Լիբանանի Թշնամիներուն Նպատակներն Են»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.