Լիբանանի մէջ բրիտանական դեսպանատան զինուորական կցորդ Ալեքս Հիլթըն լիբանանեան բանակի «Ալ ժայշ» պաշտօնաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը երկրին ապահովական կայունութեան երաշխիքն է` տագնապներու ժամանակաշրջանին:
«Բանակը Լիբանանի միակ օրինական պաշտպանն է եւ կը վայելէ լիբանանցիներուն վստահութիւնը: Նոյնը կը վերագրուի նաեւ Բրիտանիոյ, հետեւաբար լիբանանցիներուն եւ բրիտանացիներուն համար բանակին հանդէպ յարգանքն ու վստահութիւնը հասարակ յայտարար կը նկատուին», ըսաւ Հիլթըն` աւելցնելով, որ երկու բանակները պէտք է գործակցին` դիմադրելու համար ծայրայեղականներու սպառնալիքներուն եւ պաշտպանելու համար իրենց երկիրներուն ազատութիւնը:
Լիբանանի հիւսիսարեւելեան սահմաններու պաշտպանութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հիլթըն յայտնեց, որ Բրիտանիա մեծ օժանդակութիւններ տրամադրած է լիբանանեան բանակին` հսկելու համար երկրի հիւսիսարեւելեան սահմաններուն, եւ իրեն ընձեռուած կարելիութիւններուն շնորհիւ լիբանանեան բանակը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով կարողութիւն ունի Սուրիոյ հետ իր սահմանները պաշտպանելու:
Հիլթըն ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ երկրին սահմանները պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ սահմանային օրինազանցութիւնները կասեցնելու եւ լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը քաջաբար պաշտպանելու:
«Բրիտանիա կը շարունակէ լիբանանեան բանակի սահմանապահ ուժերուն օժանդակելու իր յանձնառութիւնը: Ցարդ մէկուկէս միլիոն փաունտի համազօր օժանդակութիւն տրամադրուած է բանակին», ըսաւ Հիլթըն:
Ան նշեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած այս տագնապալի կացութեան ընթացքին լիբանանեան բանակը` ժողովուրդին զօրակցութեամբ եւ վստահութեամբ, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: «Մենք եւս` իբրեւ լիբանանեան բանակի հաւատարիմ ընկերներ, պիտի շարունակենք զօրակցիլ անոր: Ճիշդ է, որ դժուար ու բարդ պահեր կրնան արձանագրուիլ, սակայն Բրիտանիա պիտի շարունակէ վարուիլ իբրեւ յանձնառու գործընկեր», հաստատեց ան: