Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկրին Անյոյս Իրավիճակին Լոյսին Տակ` Լիբանան Պաշտօնական Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Յորդանանին

Ապրիլ 6, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ այն լուրերուն, թէ Ս. Զատկուան տօնէն ետք Լիբանանի մէջ կառավարութիւն կազմելու յոյսի նշոյլներ կրնան ըլլալ, յստակ է, որ դրական ոչինչ կայ այդ իմաստով, եւ նշանակուած վարչապետը կը շարունակէ մնալ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ:

Կառավարութեան կազմութեան եւ բարեկարգումներու գործադրութեան առումով, Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան յայտնեց, որ Ռիատ պատրաստ է Լիբանանի մէջ զօրակցելու ոեւէ անհատի, որ պատրաստ է բարեկարգումի օրակարգ ճշդելու եւ բարեկարգումները գործադրելու:

Ֆայսալ պըն Ֆարհան հաստատեց, որ Լիբանանի ապագան լիբանանցիներուն ձեռքին մէջ կը գտնուի` յոյս յայտնելով, որ լիբանանցի ղեկավարներն ու պատասխանատուները իսկական եւ լուրջ վերաբերում ցուցաբերեն քաղաքական եւ տնտեսական բարեկարգումներու գործադրութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ տիրող տագնապներուն երկարատեւ լուծումներ տրամադրեն:

Միւս կողմէ, Յորդանանի մէջ յեղաշրջումի փորձ մը կանխելու շրջագիծին մէջ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ Լիբանան իր նախագահով եւ ժողովուրդով կը զօրակցի Յորդանանին եւ անոր ապահովական կայունութեան:

Ան նշեց, որ Յորդանան միշտ զօրակցած է Լիբանանին, յատկապէս անոր դժուար պայմանները փարատելու ընթացքին, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ շրջանային ամպիոններէն արժանացած է Ապտալլա Բ. թագաւորին զօրակցական կեցուածքներուն:

Նշենք, որ նախագահ Աուն կիրակի, 4 ապրիլ 2021-ի երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ եւ ընդգծեց, որ Լիբանան կը զօրակցի Յորդանանին եւ անոր ապահովական կայունութեան:

Իր կարգին, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ զօրակցութիւն յայտնեց Յորդանանին, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ ներկայիս յարմար պահն է Սուրիոյ հետ սահմանագծումի բանակցութիւններու սկսելու:

Այլ առումով, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի յայտնեց, որ երկրին ապահովութիւնը ցնցումի կ՛ենթարկուի, եթէ քաղաքական ցնցումներ արձանագրուին, իսկ առանց քաղաքականութեան ո՛չ ապահովութիւն կայ եւ ո՛չ ալ տնտեսութիւն:

Ան նշեց, որ ներկայիս լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ անձնական ապահովութեան ձեռնարկելու մտահոգութիւններ չկան` աւելցնելով, որ ահաբեկչութեան կապուած կարգ մը բջիջներ կը պատրաստեն ահաբեկչական գործողութեան մը, որ կրնայ վտանգել լիբանանցիներուն ապահովութիւնը:

«Անոնք նոյն ահաբեկչական բջիջներն են, որոնք նախապէս փորձած են հիւսիսային Լիբանան ներթափանցել, եւ պէտք է սանձել զանոնք», ըսաւ ան:

Ֆահմի աւելցուց, որ ինք կ՛ըմբռնէ Թրիփոլիի մէջ տիրող ընկերային ահաւոր տագնապը, «սակայն կան խմբաւորումներ, որոնք շահագործած են կացութիւնը եւ ներխուժած սերայ ու գողցած զայն: Թրիփոլիի մէջ կատարուածը կանխամտածուած էր, եւ չեմ կրնար հետաքննութեան արդիւնքները բացայայտել, բացի այն իրականութենէն, որ Թուրքիա կապ չունի այդ դէպքերուն հետ», ըսաւ ան:

Ֆահմի հաստատեց, որ պէտք է սպասել Ճօ Պըժժանիի եւ Լոքման Սլիմի սպանութեանց հետաքննութեան արդիւնքներուն` առանց այս կամ այն կողմը ամբաստանելու: «Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դրդապատճառները քողազերծելու նպատակով բացուած հետաքննութեան շրջագիծին մէջ, Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար ատակ դատաւոր է եւ թափանցիկութեամբ կը գործէ: Այս պայթումին հետաքննութիւնը տիրող հսկայական անփութութիւնը պիտի բացայայտէ, իսկ անփոյթները պէտք է խստագոյն պատիժները ստանան», ըսաւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարը:

Անդրադառնալով մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու հարցին` Ֆահմի ընդգծեց, որ ինք յարմար կը տեսնէ, որ այդ ընտրութիւնները կատարուին յունիս ամսուան առաջին կիրակի օրուան ընթացքին, այսինքն` 6 յունիս 2021-ին:

Պէտք է նշել, որ կիրակի, 4 ապրիլ 2021-ին, նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները ամսական դրութեամբ կատարուող բողոքի նստացոյց մը կատարեցին նաւահանգիստի թիւ 3 դարպասին մօտ` հարց տալով պայթումին մասին բացուած հետաքննութեան արդիւնքներուն մասին:

Անոնք շեշտեցին, որ պիտի շարունակեն իրենց իրաւունքները պահանջել, ինչպէս նաեւ դատաւոր Պիթարէն խնդրեցին երկաթեայ բազուկով հարուածել յանցագործները` ընդգծելով անոնց բնակարանները, ինչպէս նաեւ նեխած խորհրդարանը ներխուժելու իրենց պատրաստակամութիւնը:

 

Նախորդը

Հասան. «Ասթրազենիքա» Պատուաստ Ստացող 6 Հազար Քաղաքացիներու Մօտ Կողմնակի Ազդեցութիւններ Չեն Նշմարուած»

Յաջորդը

Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով. «Կը Մաղթենք Սեւ Փապուղիէն Դուրս Գալ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?