Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Դրուատեց Զուիցերիոյ Ներկայացուցած Օժանդակութիւնը Լիբանանին

April 8, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Իկնազիօ Տանիէլ Ճիովանի Քասիսը, որուն կ՛ընկերակցէր զուիցերիացի երեսփոխաններու եւ արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխանատուներու պատուիրակութիւն մը:

Հանդիպումին ընթացքին Քասիս յայտնեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութեան նպատակն է հսկել մարդասիրական այն ծրագիրներուն, որոնք Զուիցերիոյ հովանաւորութեամբ կը գործադրուին Լիբանանի մէջ, յատկապէս Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումէն ետք:

Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ իր այցելութիւնը կ՛ընդգրկէ սուրիացի տեղահանուածներու եւ պաղեստինցի գաղթականներու իրավիճակին ստուգումը:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Քասիսին` Լիբանանի տրամադրուած օժանդակութիւններուն համար, ընդգծելով Լիբանանի եւ Զուիցերիոյ միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աուն յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Զուիցերիոյ կողմէ հիւանդանոցներուն, ինչպէս Քարանթինայի հիւանդանոցին, դպրոցներուն, Լիբանանի Կարմիր խաչին եւ «Քարիթաս»-ին տրամադրուած օժանդակութիւններուն համար:

Նախագահ Աուն Քասիսի ներկայացուց Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային դժուարութիւններն ու տագնապները, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներուն ներկայութեան իբրեւ հետեւանք երկրին ուսերուն զետեղուած տնտեսական բեռը:

Ան կոչ ուղղեց Քասիսին օժանդակելու Լիբանանին, որպէսզի սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովուի, յատկապէս դէպի այն շրջանները, որոնք ապահով են արդէն: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ տեղահանուածներուն տունդարձը կատարելու համար Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման պէտք չէ սպասել:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ այն կարելիութեան, որ Զուիցերիա կրնայ ընձեռել Լիբանանին` իմանալու այն մութ պայմանները, որոնց ընթացքին հսկայական գումարներ Լիբանանէն դուրս փոխանցուած են, եւ ի վերջոյ լուծումներ գտնելու տնտեսական ու ելեւմտական տագնապներուն:

Նախագահ Աուն ընդգծեց իրաւական հաշուեքննութիւնը գործադրելու կարեւորութիւնը` բացայայտելու համար քողարկուած շարք մը հարցեր:

Իր կարգին, Քասիս ընդգծեց Զուիցերիոյ պատրաստակամութիւնը` բոլոր մարզերուն մէջ զօրակցելու եւ օժանդակելու Լիբանանին:

Ան հաստատեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է կառավարութեան կազմութեան հարցին քաղաքական լուծում ապահովել եւ սկսիլ անհրաժեշտ բարեկարգումներու գործադրութեան, որպէսզի միջազգային ընտանիքը պէտք եղած օժանդակութիւնները կատարէ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու համար:

 

Նախորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Պաշտպանելու Քաղաքացիներուն Եւ Պետութեան Նաւթի Ու Բնական Կազի Հարստութեան Իրաւունքները

Յաջորդը

«Պիտի Չարտօնենք, Որ Իրաւական Հաշուեքննութիւնը Ձախողի Կամ Երկիրը Քանդուի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.