Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Կազմութեան Իմաստով Խորհրդակցութիւնները Կը Վերաշխուժանան. Սամեհ Շուքրի Այսօր Կը Հանդիպի Լիբանանցի Ղեկավարներուն Հետ

Ապրիլ 7, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան ճիգերը տակաւին կը շարունակուին:

Այս ջանքերուն շրջագիծին մէջ նախանցեալ երեկոյեան շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, թէ Վատիկանը պիտի միջնորդէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին` նկատել տալով, որ Վատիկան խորհրդակցութիւններ կը կատարէ հանրապետութեան նախագահին եւ նշանակուած վարչապետին հետ:

Նոյն աղբիւրները դիտել տուին, որ նախատեսուած է նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի միջեւ հանդիպում մը կայացնել Հռոմի մէջ, նախքան անոնց Փարիզ մեկնումը:

Հարիրի, որ նախանցեալ գիշեր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն վերադարձած էր Պէյրութ, 22 ապրիլին Վատիկանի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Այս մասին Հարիրի երէկ տեղեակ պահուեցաւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերիի հետ հանդիպման ընթացքին:

Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ ան պապին հետ հանդիպելու ժամադրութիւն խնդրած է երկու շաբաթ առաջ:

Նոյն աղբիւրները կը հաստատեն, որ Հարիրի կը մերժէ Պասիլի հետ հանդիպիլ, որովհետեւ կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները կը կատարուին հանրապետութեան նախագահին հետ:

Իսկ Պասիլի մօտիկ աղբիւրներ կ՛ընդգծեն, որ Հարիրի-Պասիլ հանդիպումը պիտի կայանայ կառավարութեան կազմութենէն ետք:

Միւս կողմէ, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ կառավարութեան կազմութեան իմաստով հաղորդակցութիւնները վերաշխուժացած են` աւելցնելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մեծ ճիգեր ի գործ կը դնէ այս իմաստով:

Պէտք է նշել, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի այսօր հանդիպումներ պիտի ունենայ լիբանանցի պատասխանատուներու հետ եւ երեկոյեան ժամը 6:30-ին նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանէն պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պիտի յայտարարէ իր այցելութեան արդիւնքները:

Օրուան ընթացքին Շուքրի հանդիպումներ պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Այսօր` Ցամաքային Փոխադրութեան Մարզի Գործադուլ

Միւս կողմէ, այսօր Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու ու Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութիւնները, այլ խօսքով` ցամաքային փոխադրութեան մարզը պիտի կատարէ ընդհանուր գործադուլ մը, որուն ընթացքին պիտի փակուին կարգ մը շրջաններու ճամբաներ, պիտի կատարուին նստացոյցեր եւ երթեր:

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ

Թլայս երէկ յայտնեց, որ ցամաքային փոխադրութեան մարզը այսօր առաւօտեան ժամը 6:00-10:00, 4 ժամուան ընթացքին պիտի կատարէ իր գործադուլը, հետեւեալ կերպով.

Պէյրութ

1.- Տորայի մէջ հաւաքուած ինքնաշարժները, փոխադրատարները, բեռնատարները եւ սիթեռնները, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ պիտի ուղղուին Քարանթինա, Սայֆի, Պէյրութի քաղաքապետարան, Պըրժ Մըր, Համրա, Ապու Թալեպ եւ ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղի:

2.- Թաքսիի ընկերութեանց ինքնաշարժները առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ պիտի ուղղուին ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան կեդրոնատեղի, Նահըր, Էշրեֆիէ, Պըրժ Ղազալ, Ռինկ, Պըրժ Մըր, Համրա եւ ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղի:

3.- Առաւօտեան ժամը 6:00-ին թաքսիի ինքնաշարժները պիտի հաւաքուին Քաֆաաթի եւ Քոքոտիի հրապարակներուն վրայ: Ժամը 8:00-ին անոնք պիտի ուղղուին դէպի Հատի Նասրալլա մայրուղի, Մշարրաֆիէ, Ղպէյրի, օդակայանի հին ճամբայ, օդակայանի կամուրջ եւ քուէյթեան դեսպանատան հրապարակ: Այլ երթ մը պիտի կատարուի նաեւ ժամը 9:00-էն սկսեալ,  դէպի Քոլա, Մազրաա, ԵՈՒՆԵՍՔՕ, Սանայեհ եւ ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղի:

Պեքաա

Հերմելի մէջ հաւաքուած ինքնաշարժները, փոխադրատարները, բեռնատարները եւ սիթեռնները, առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ պիտի ուղղուին Պաալպեք, Տուրես եւ Շթորա:

Հիւսիսային Լիբանան

Ապտէ-Աքքարի մէջ հաւաքուած ինքնաշարժները, փոխադրատարները, բեռնատարները եւ սիթեռնները, առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ պիտի ուղղուին Թրիփոլի, Փալմայի մայրուղի, Թալ, Ժամալ Ապտել Նասեր հրապարակ:

Հարաւային Լիբանան

Սայտայի մէջ հաւաքուած ինքնաշարժները, փոխադրատարները, բեռնատարները եւ սիթեռնները, առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ պիտի ուղղուին Քֆարռումման, Սուր եւ Պաս:

Լեռնալիբանան

Ինքնաշարժները, փոխադրատարները, բեռնատարները եւ սիթեռնները, առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ պիտի հաւաքուին Ալէյի հրապարակին վրայ:

Թլայս աւելցուց, որ շրջաններուն մէջ առաւօտեան ժամը 10:00-ին ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներուն նախագահները պիտի արտասանեն խօսքեր, իսկ նոյն ժամուն Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու

համադաշնակցութիւնը ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղիին դիմաց պիտի յայտարարէ որդեգրուելիք յաջորդ քայլերը:

Աւելցնենք, որ դեղարաններու սենտիքայի նախագահ Ղասսան Ամին յայտնեց, որ դեղարաններու սենտիքան որոշած է իր գործադուլը կատարել վաղը` հինգշաբթի, 8 ապրիլ 2021-ին:

Ան նշեց, որ գործադուլը պիտի կատարուի լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ, սակայն կարգ մը դեղարաններ բաց պիտի մնան, որպէսզի քաղաքացին լրիւ չզրկուի դեղորայքէ: «Լիբանանի մէջ դեղորայքի տագնապ պիտի չարձանագրուի, իսկ դեղորայքին սակը պիտի չսղի, որովհետեւ դեղարանները չէ որ կը ճշդեն այդ սակը, այլ` պետութիւնը», ըսաւ Ամին:

Ան հաստատեց, որ դեղարաններուն աշխատանքը այս կերպով շարունակել կը նշանակէ դանդաղ անձնասպանութիւն գործել` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ գործող 3500 դեղարաններէն 600-ը արդէն իսկ իր դռները լրիւ փակած է:

Տիապ. «Նիւթական Նպաստը Կասեցնելու Որոշում Պիտի Չտրուի»

Նշենք, որ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ պետութեան կողմէ հիմնական ներածումներուն տրամադրուած նիւթական նպաստը կասեցնելու որոշում պիտի չտայ: Ան յայտնեց, որ խորհրդարանը ամիսներէ ի վեր ընթացիկ հարցերու կառավարութենէն պահանջած է այդ նպաստը կասեցնելու պարագային այլընտրանքներու մասին պատկերացումներ ունենալ: «Մենք խորհրդարանին յղած ենք չորս տեսակի պատկերացումներ, որոնցմէ մէկը ընտրուած է խորհրդարանին կողմէ եւ սերտուելու ընթացքին մէջ կը գտնուի», հաստատեց ան:

Տիապ շեշտեց, որ նպաստի կասեցումը մեծ կարմիր գիծ է եւ երկիրը կրնայ քաոսի մատնել:

Նախորդը

Ուեհպէ. «Նախագահ Աուն Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցած Է Պաշշար Ասատի Հետ»

Յաջորդը

Դատարանը Դադրեցուց Քոչարեանի, Խաչատուրովի, Օհանեանի Եւ Գէորգեանի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդումը

RelatedPosts

Պարրաքի Յայտարարութեան  Լիբանանեան Արձագանգներ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանան Շրջանային Ուժերու Ձեռքը Իյնալու Վտանգը Կը Դիմագրաւէ, Պէտք Է Զէնքի Հարցը Լուծէ, Այլապէս Գոյութենական Վտանգ Կը Դիմագրաւէ»

Յուլիս 14, 2025
Պարրաքի Յայտարարութեան  Լիբանանեան Արձագանգներ
Լիբանանեան

Պարրաքի Յայտարարութեան Լիբանանեան Արձագանգներ

Յուլիս 14, 2025
«Պատրաստ Ենք Ոչ Ահաբեկչական Խնդիրներով  Բանտարկուածները Յանձնելու Համար Սուրիոյ Հետ  Համաձայնագիր Կնքելու»  Կ՛ըսէ Արդարադատութեան Նախարարը
Լիբանանեան

«Պատրաստ Ենք Ոչ Ահաբեկչական Խնդիրներով Բանտարկուածները Յանձնելու Համար Սուրիոյ Հետ Համաձայնագիր Կնքելու» Կ՛ըսէ Արդարադատութեան Նախարարը

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?