Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 570 վարակուածներ եւ մահացած 26 ուրիշներ: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հարիսայի մէջ նախագահեց Ս. Աստուածամօր ամսուան նուիրուած եկեղեցական արարողութիւններու եւ աղօթքներու մեկնարկը կատարող պատարագին: Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ոմանք կը փորձեն Լիբանանը մղել դէպի յաւելեալ փլուզում` աւելցնելով, որ իրենք պիտի չարտօնեն,...



















