Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը Կը Տիրանայ Տեղեկութեանց Հասարակութեան Բարձրագոյն Մրցանակին

Մայիս 5, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Տեղեկութեանց հասարակութեան համաշխարհային վեհաժողովի 2021-ի  մրցանակաբաշխութեան յանձնախումբը, որուն մաս կազմեցին ՄԱԿ-ի գործադիր քարտուղար Ռուլա Տաշթի, ՄԱԿ-ի գործադիր քարտուղարի տեղակալ Մունիր Թապեթ, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեան, հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Պասել Այուպի, ՄԱԿ-ի վիճակագրութեան գրասենեակի տնօրէն Եուրայ Ռիքան եւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան թեքնիք բաժինի տնօրէն Զիատ Ապտալլա:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մահմուտ Մաքքիէ եւ վարչապետի աւագ խորհրդական Խտըր Թալեպ:

Հանդիպումէն ետք Տաշթի շնորհաւորեց լիբանանցիները` Տեղեկութեանց հասարակութեան համաշխարհային վեհաժողովի 2021-ի մրցանակը ստանալու համար: Ան նշեց, որ այդ մրցանակը ապահոված է Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը, որ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան, ՄԱԿ-ին եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ գործակցաբար ձեռնարկած է վիճակագրական հսկայ ծրագիրի մը, որուն ընդմէջէն կրցած է ապահովել ընկերային, տնտեսական եւ ժողովրդագրական տեղեկութեանց հաւաքագրում:

«Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան այս ծրագիրը Լիբանանը ո՛չ միայն արաբական երկիրներուն, այլեւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն վիճակագրական մարզի ռահվիրաներէն մէկը կը նկատէ: Ասիկա դրական քայն մըն է, որուն առումով պէտք է ողջունել Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը», հաստատեց Տաշթի:

Իր կարգին, դոկտ. Մարալ Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Տիապին, որ առիթ ստեղծեց հանդիպելու եւ զինք տեղեակ պահելու, թէ Լիբանան ստացած է Տեղեկութեանց հասարակութեան համաշխարհային վեհաժողովի բարձրագոյն մրցանակը:

Ան նշեց, որ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը երկու տարիէ ի վեր ՄԱԿ-ին հետ գործակցաբար կ՛աշխատի այս ծրագիրին վրայ` աւելցնելով, որ այդ ծրագիրին ընդմէջէն կատարուած տեղեկութեանց հաւաքագրումին արդիւնքները կարելի եղաւ 2020-ի աւարտին եւ 2021-ի սկզբնաւորութեան ապահովել, այսինքն` Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապին եւ «Քորոնա» համաճարակին վատագոյն օրերուն ընթացքին:

«Ասիկա արձանագրուած մեծագոյն նուաճումն է, ո՛չ միայն անոր համար, որ Լիբանան 126 երկիրներու մէջ առաջինը հանդիսացած է, այլ այն իրականութեան համար, որ Լիբանան անգամ մը եւս փաստած է իր արդիւնաբերութեան եւ վերլուծելու կարողութիւնը` հակառակ տագնապներուն, իր ունեցած համեստ կարողութիւններուն եւ սակաւաթիւ անձնակազմին», ըսաւ դոկտ. Մարալ Կիտանեան:

Ան ընդգծեց պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ այս ծրագիրը հազուագիւտ փորձառութիւն է, որուն հետագային պիտի հետեւին կարգ մը արաբական երկիրներ: «Այս առիթով կը շնորհաւորեմ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան գործընկերներս, անձնակազմն ու բոլոր անոնք, որոնք ընդհանուր զօրաշարժի ընթացքին շարունակեցին գործել», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

Նաւահանգիստի Պայթումի Զոհերու Ընտանիքներուն Բողոքի Նստացոյցը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Աքըրի Հետ Քննարկեց Սահմանագծումի Բանակցութիւններուն Վերսկսելու Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?