Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մայիս 10, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 570 վարակուածներ եւ մահացած 26 ուրիշներ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հարիսայի մէջ նախագահեց Ս. Աստուածամօր ամսուան նուիրուած եկեղեցական արարողութիւններու եւ աղօթքներու մեկնարկը կատարող պատարագին: Իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ ոմանք կը փորձեն Լիբանանը մղել դէպի յաւելեալ փլուզում` աւելցնելով, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ Լիբանանը ամբողջութեամբ փլուզուի: «Վերստին կոչ կ’ուղղենք պատասխանատուներուն կազմելու կառավարութիւնը եւ դուրս գալու իրենց նախապայմաններու արգելարաններէն», ըսաւ Ռայի պատրիարք:

ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ Լիբանան կարիքը ունի այնպիսի ղեկավարներու, որոնք համոզուած են, թէ Լիբանան իրենց համար միակ եւ վերջնական հայրենիքն է:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը կոչ կ’ուղղէ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը վերստին լիբանանեան դարձնելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքը հաղորդագրութեամբ մը պատասխանեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի կեցուածքներուն: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ այդ խորհուրդը պէտք է իր ղեկավարէն եւ հանրապետութեան նախագահէն պահանջէ ազատ արձակել նախագահական պալատին մէջ գտնուող կառավարութեան կազմը: Մուսթաքպալ հոսանքը կոչ ուղղեց յարգելու սահմանադրական չափանիշները, որպէսզի կարելի ըլլայ «Պասիլեան չափանիշներ»-էն հեռու մնալով դիւրացնել կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ հաստատեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը միշտ զօրակցած է աշխատաւորներուն եւ նեցուկ կանգնած անոնց: Ժեմայէլ շեշտեց, որ երկիրը կարելի չէ վստահիլ իշխող դասակարգին` աւելցնելով, որ ժողովրդային ցասումը պէտք է շարունակուի` կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններու ընդմէջէն:

ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ կուսակցութիւնը երէկ կազմակերպեց բողոքի ցոյց մը` Աշխատաւորներու տօնին առիթով: Մայրաքաղաք Պէյրութի փողոցներուն մէջ ընթացող ցոյցին խորագիրն էր. «Որովհետեւ աշխատաւորներն են աշխարհիկ, ժողովրդավար եւ ընկերային արդարութեան պետութեան մը հիմնադիրները»:

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ճաշարաններու սեփականատէրերը կը մերժեն իրենց ճաշարանները երեկոյեան ժամը 9:30-ին փակել` ենթարկուելով «Քորոնա» համաճարակի շրջագիծին մէջ որդեգրուած ընդհանուր զօրաշարժի եւ կրակմարի դրութեան: Անոնք պահանջեցին օրէնքը բոլորին վրայ գործադրել:

 

 

 

Նախորդը

Ո՛չ Ամբոխայինին, Այո՛ Առարկայական Տրամաբանութեան

Յաջորդը

«Լիբանան Իր Արդի Պատմութեան Ամէնէն Տագնապալի Օրերը Կ’ապրի` Ելեւմտական Եւ Տնտեսական Առումով» Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?