Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լը Տըրիան. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթի Խոչընդոտումին Շարունակուելուն Պարագային Աւելի Խիստ Պատժամիջոցներ Պիտի Որդեգրենք»

Մայիս 8, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ առաւօտեան Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան այցելեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Պաապտայի մէջ նախագահ Աուն ընդունեց Լը Տըրիանը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ գործադրութիւնը բարեկարգումներուն, որոնց շարքին իրաւական հաշուեքննութիւնը, որ ֆրանսական նախաձեռնութեան առաջին կէտը կը կազմէ, հիմնական է` Լիբանանը ոտքի կանգնեցնելու եւ անոր հանդէպ լիբանանցիներուն ու միջազգային ընտանիքին վստահութիւնը վերահաստատելու:

Նախագահ Աուն հաստատեց խորհրդարանի վստահութեան քուէին արժանի նոր կառավարութիւն մը կազմելու խիստ անհրաժեշտութիւնը:

Ան աւելցուց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արդիւնաւէտ դարձնելու` հակառակ գոյութիւն ունեցող ներքին եւ արտաքին արգելքներուն, ինչպէս նաեւ պատասխանատուներուն կողմէ սահմանադրական կանոնները չյարգելու արարքներուն:

Նախագահ Աուն Լը Տըրիանի հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան դիմագրաւած փուլերը, եւ անոր բացատրեց հանրապետութեան նախագահի ուսերուն բեռցուած սահմանադրական պատասխանատուութիւնները` պահպանելու համար համայնքային եւ յարանուանական հաւասարակշռութիւնը, որպէսզի նոր կազմուելիք կառավարութիւնը արժանանայ խորհրդարանի վստահութեան քուէին:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով կորսուած ժամանակին գինը Լիբանան սուղ կը վճարէ:

Նախագահ Աուն Լը Տըրիանէն պահանջեց, որ եւրոպական երկիրները եւ յատկապէս Ֆրանսան օժանդակեն Լիբանանին, որպէսզի ան կարենայ վերադարձնել երկրէն դուրս փոխանցուած գումարները:

Ան հաստատեց, որ այդ քայլը կարեւոր է բարեկարգումներու իրագործումին եւ պետական գանձարկղի գումարները իւրացնողները հաշուետուութեան կանչելու առումով:

Նախագահ Աուն Լը Տըրիանէն խնդրեց իր ողջոյնները փոխանցել Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին` շնորհակալութիւն յայտնելով անոր Լիբանանի հանդէպ իր յանձնառութեան համար:

Լը Տըրիան այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները:

Լը Տըրիան Պաապտայէն եւ Այն Թինէէն մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Հինգշաբթի երեկոյեան նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի այցելեց ֆրանսական դեսպանատուն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լը Տըրիանի հետ:

Երէկ կէսօրին ֆրանսական դեսպանատան մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Լը Տըրիան յայտնեց, որ ինք լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ խօսած է Ֆրանսայի որդեգրած պատժամիջոցներուն մասին` ընդգծելով, որ այդ պատժամիջոցները պիտի բանեցուին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող անձնաւորութիւններուն նկատմամբ: «Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին խոչընդոտումը շարունակելու պարագային աւելի խիստ պատժամիջոցներ պիտի որդեգրենք: Ֆրանսա միշտ զօրակցած է լիբանանցի ժողովուրդին եւ զինուորագրուած կը մնայ անոր զօրակցութեան ու օժանդակութեան», հաստատեց Լը Տըրիան:

Ան շեշտեց, որ ինք իր առաքելութիւնը կ՛աւարտէ` ընդգծելով, որ պիտի շարունակէ ճնշում բանեցնել լիբանանցի պատասխանատուներուն վրայ, որպէսզի անոնք իրենց խոստացած յանձնառութիւնները յարգեն եւ գործադրեն, ինչպէս նաեւ զօրակցին ազգային ինքնորոշման իրաւունք ունենալու լիբանանցիներուն փափաքին:

Լը Տըրիան յայտնեց, որ Ֆրանսայի նախագահին խոստումներ կատարած լիբանանցի ղեկավարները իրենց խոստումները չեն գործադրած: «Յայտարարուած պատժամիջոցները պարզապէս ուղիին սկիզբն են եւ կրնան աւելի եւս խստանալ: Ֆրանսա կոչ պիտի ուղղէ միջազգային ընտանիքին` Լիբանանի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի ան երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարէ սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Տիապ. «Ոեւէ Վարչապետ Չի Կրնար Յաջողիլ, Եթէ Անոր Անձին Շուրջ Քաղաքական Համախոհութիւն Չգոյանայ»

Յաջորդը

Ֆրանսա Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Ազատ Արձակելու Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող Հայ Գերիները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Շարմ Շէյխի Հրաւիրեալները

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?