Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մայիս 5, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 748 վարակուածներ եւ մահացած 23 ուրիշներ:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին ներկայացուց յուշագիր մը` խնդրելով անկէ, որ խորհրդարանի պաշտօնավարման ժամկէտը կրճատելու առումով 17 օգոստոս 2020-ին պլոքին ներկայացուցած օրինագիծը քննարկուի խորհրդարանին գումարելիք առաջին օրէնսդրական նիստին ընթացքին, եւ կամ յատուկ նիստ մը ճշդուի` քննարկելու համար այդ օրինագիծը:

ԻՍԼԱՄ քարոզիչ սէյիտ Մոհամետ Հիւսէյն Ֆատլալլայի գրասենեակին համաձայն, Ֆիթրի տօնին առաջին օրը կը զուգադիպի հինգշաբթի, 13 մայիս 2021-ին:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարարի պաշտօնակատար Իմատ Հուպալլա Պաալպեքի Հաուշ Սնիտ շրջանին մէջ փակեց պանիր եւ մածուն արտադրող գործարան մը: Հուպալլայի որոշումով ազդարարագիրներ յղուեցան նաեւ 8 այլ գործարաններու, որոնք կը գործեն Մարժի (Արեւմտեան Պեքաայի գաւառ), Շուէյֆաթի (Ալէյի գաւառ), Տըքուենէի (Մեթնի գաւառ), Պաապտայի (Պաապտայի գաւառ) եւ Ուասթանիի (Սայտայի գաւառ) մէջ:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Շանթալ Շասթընէյը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ուեհպէի Քանատա կատարելիք այցելութեան հաւանականութիւնը:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքացիներուն ստանալու «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստը` առանց կասկածի տակ առնելու զայն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիանին` Լիբանանի հարցով տակաւին զբաղելուն համար, «ինչ որ կը նշանակէ, թէ ֆրանսացիները տակաւին յուսախաբ չեն»: Ան նշեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ջանքերը ի դերեւ ելած են երկու քրիստոնեայ նախարարներու նշանակումին պատճառով: «Այն քաղաքականութիւնը, որով մենք կ՛առաջնորդուինք, անձնասպանական քաղաքականութիւն է», շեշտեց ան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ «գերիշխանները» կը սպասեն արտաքին կանաչ լոյսին, որպէսզի վերստին սկսին գործակցիլ եւ խորհրդակցիլ Սուրիոյ հետ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ Լիբանանի ծովային սահմանագծումի հարցը ներքին քաղաքական եւ շրջանային տարակարծութիւններու մէջ մուտք գործած է:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ խորհուրդ տուաւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին հրաժարելու կառավարութիւն կազմելու պարտականութենէն եւ առիթ տալու, որ այլ անձնաւորութիւններ կազմեն կառավարութիւնը: «Այս խորհուրդը ամենայն սիրով կու տամ, որովհետեւ Հարիրին հեռացնելու հսկայ որոշում կայ», հաստատեց Ուահապ:

ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ աղբիւրներու համաձայն, Կեդրոնական դրամատան եւ «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» հաշուեքննութեան միջազգային ընկերութեան միջեւ տեղի ունեցած են շարք մը հանդիպումներ` ներկայութեամբ Կեդրոնական դրամատան մօտ Լիբանանի կառավարութեան ներկայացուցիչին: Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ այդ հանդիպումները դրական մթնոլորտի մէջ կը կայանան:

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Ալլուշ. «Կառավարութեան Կազմութեան Առումով Բարդութիւնները Կը Յամենան»

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?