Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ նախագահեց մաքսանենգումի թղթածրարին յատուկ ապահովական նիստի մը, որմէ ետք ան յայտնեց, թէ Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը մաքսանենգումի առումով հիանալի աշխատանք ի գործ դրած է բարեկամ պետութիւններու, յատկապէս Ծոցի երկիրներու եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ կատարելապէս համակարգելով իր թափանցիկ աշխատանքը:
Ֆահմի շեշտեց նաեւ, որ երկու կամ երեք շաբաթ ետք գործնական փոփոխութիւն պիտի նշմարուի` արտածումի իմաստով` աւելցնելով, որ կան գումակային կարգ մը պատճառներ, ինչպէս նաեւ համակարգումի ընդհանուր գործելաձեւ, որոնք պէտք է փոփոխութեան ենթարկուին:
Ֆահմի հաստատեց, որ Լիբանան պատրաստ է որեւէ պետութենէ օժանդակութիւն ընդունելու, յատկապէս եթէ անոնք բացայայտող արդի սարքեր` սքենըրներ տրամադրեն: «Այլապէս մենք կարճ ժամանակ ետք պիտի կարենանք ապահովել այդ սարքերը եւ զանոնք զետեղել արտածումի կեդրոններուն մէջ», ըսաւ ան:
Ֆահմի հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` պայքարելու համար մաքսանենգումին դէմ:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Ֆահմի յայտնեց, որ ինք տիւ ու գիշեր կ՛աշխատի ելք մը գտնելու Սէուտական Արաբիոյ հետ տագնապին:
Ան նշեց, որ նուռերուն ընդմէջէն Լիբանանէն Ռիատ հասած «Քեփթակոն»-ի դեղահատերուն հարցէն ի վեր ինք մնայուն կապի մէջ է սէուտցի իր պաշտօնակիցին հետ:
«Ես պատրաստ եմ նոյնիսկ Ռիատ այցելութեան, եթէ կարիքը կայ, որպէսզի կարենամ սէուտական իշխանութիւններուն հետ այդ տագնապը լուծել եւ փաստել, որ լիբանանեան պետութիւնը կը պայքարի ամէն տեսակի մաքսանենգումի դէմ», ըսաւ ան` հաւանական նկատելով, որ այցելութիւնը կատարուի Ֆիթրի տօնէն ետք:
Ֆահմի ընդգծեց, որ այս թղթածրարին մասին բացուած հետաքննութիւնները փաստած են, թէ «Քեփթակոն»-ի դեղահատերու Սէուտական Արաբիա մաքսանենգումին ետին լիբանանեան քաղաքական ուժեր չկան, այլ` անիկա քաղաքական հովանի չվայելող աւազակախումբի մը գործն է: