Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց հետապնդել մաքսանենգումի դէմ պայքարելու առանցքը:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ պէտք է խստացնել Լիբանանի ծովային, ցամաքային եւ օդային սահմաններուն հսկողութիւնը:
Նախագահ Աուն շարունակեց հետեւիլ նաեւ նուռերու մէջ դէպի Սէուտական Արաբիա մաքսանենգուած թմրեցուցիչի թղթածրարի հետաքննութեան:
Նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց երեսփոխան Անթուան Փանոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, մասնաւորաբար Պէյրութի Ա. շրջանի իրավիճակը, մասնաւորաբար նաւահանգիստի պայթումին պատճառով արձանագրուած քանդումներուն լոյսին տակ:
Փանօ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին, որ աւելի քան 200 միլիառ լ. ոսկի արժողութեամբ հատուցումներ տրամադրած է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տուժած քաղաքացիներուն: «Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց նաեւ, որ ինք կ՛աշխատի յաւելեալ գումարներ եւ հատուցումներ ապահովել պայթումէն տուժածներուն, ինչպէս նաեւ աղէտեալ գօտիին մէջ բնակող քաղաքացիներուն բանակին տրամադրած ծառայութիւնները շարունակել եւ պետական հաստատութիւնները մղել` օժանդակելու անոնց:
Փանօ աւելցուց, որ նախագահ Աուն իր կեցուածքնեով կը հաստատէ, որ կառչած կը մնայ Լիբանանի ծովային սահմաններուն եւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող բնական հարստութեան, ինչպէս նաեւ իրաւական հաշուեքննութեան կայացման` փտածութեան դէմ պայքարին իբրեւ նախաքայլ:



