Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց Անսար Ակումբն Ու Մարզական Ֆետերասիոններուն Ներկայացուցիչները

May 6, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Անսար մարզական ակումբի նախագահ Նեպիլ Պատըրը` ներկայութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամէի:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան շնորհաւորեց Անսարի նախագահը` ֆութպոլի Լիբանանի ախոյեանութեան ընթացքին խումբին արձանագրած յաջողութեան համար:

Ան հաստատեց, որ այս նուաճումները, բաժակներն ու մետալները կը պարունակեն կարեւոր ազդակներ, որոնցմէ են կազմակերպական ջանքերը, ֆինանսաւորումը, գումարի տնտեսումը, ինչպէս նաեւ թեքնիք անձնակազմի եւ մարզիկներու ընտրութիւնը:

Նախարարի պաշտօնակատարը մնայուն յաջողութիւն մաղթեց Անսարին` յոյս յայտնելով, որ ան Լիբանանը լաւագոյն կերպով ներկայացնէ Ասիոյ ֆետերասիոնի ախոյեանութեան:

Իր կարգին, Պատըր շնորհակալութիւն յայտնեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանին` անոր շնորհաւորանքներուն համար, եւ բարձր գնահատեց նախարարի պաշտօնակատարին ի գործ դրած ճիգերը Լիբանանի մարզիկներուն համար:

Պատըր նախարարի պաշտօնակատարը տեղեակ պահեց Ասիոյ ֆետերասիոնին կազմակերպած ախոյեանութեան Լիբանանի ներկայացման մանրամասնութիւններուն մասին, եւ անոր փոխանցեց Անսարի վարչութեան եւ մարզիկներուն շնորհակալիքը` մարզիկներուն եւ անձնակազմին պատուաստումը ապահովելու անոր ջանքերուն համար:

Ան Վ. Օհանեան-Գէորգեանի յանձնեց Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան բաժակը:

Ապա Վ. Օհանեան-Գէորգեան ընդունեց մարզական տասը ֆետերասիոններու ներկայացուցիչները, որոնք ստացած էին Պատըրի կողմէ իր տրամադրութեան տակ զետեղուած նիւթական յատկացումը` գնելու համար պատուաստներ:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան ողջունեց տասը մարզական ֆետերասիոնները, որոնց ներկայութեան դարձեալ շնորհաւորեց Անսարը` Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան դառնալու առիթով, եւ յաջողութիւն մաղթեց Ասիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցութեան առիթով:

«Այս դժուար օրերուն եւ տնտեսական, ելեւմտական ու ընկերային արտակարգ ծանր պայմաններուն ընթացքին, եւ նկատի ունենալով մարզական ոլորտին պարզած իրականութիւնը, մենք կարիք ունինք ներդրողներու, որոնք կը հաւատան լիբանանեան մարմնակրթութեան եւ պատրաստ են անձնական նախաձեռնութիւններ կատարելու, այնպէս ինչպէս էր ձեր նախաձեռնութիւնը` տասը մարզական ֆետերասիոններու պատուաստ տրամադրելու առումով: Այս նախաձեռնութիւնը փաստ մըն է, որ կը վստահիք Լիբանանի մարմնակրթութեան մարզին եւ կը զօրակցիք երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ պահել մարմնակրթութեան մարզը», ըսաւ ան:

Պատըր շնորհակալութիւն յայտնեց Վ. Օհանեան-Գէորգեանին` շեշտելով, որ իրենց կատարած այդ նախաձեռնութիւնը ոչինչէ չէ եկած, այլ` նախարարի պաշտօնակատարին կատարած անխոնջ աշխատանքը գնահատելու իբրեւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն: «Այդ դիտանկիւնէն մեկնելով կատարեցինք այս խորհրդանշական նախաձեռնութիւնը եւ ուզեցինք մեր փոքր ներդրումը ունենալ Լիբանանի մարզական կեանքին աշխուժացման մէջ», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ֆահմի. «Երկու Կամ Երեք Շաբաթ Ետք Գործնական Փոփոխութիւն Պիտի Նշմարուի` Արտածումի Իմաստով»

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.