Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի իմաստով վերսկսած անուղղակի բանակցութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն անդրադարձաւ այն ցուցմունքներուն, որոնք նախանցեալ օր տուած է սահմանագծումի բանակցութիւններուն մասնակից լիբանանեան պատուիրակութեան` ներկայութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի:
Նշենք, որ երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ռաս Նաքուրայի մէջ վերսկսաւ Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հինգերորդ փուլը` հովանաւորութեամբ ՄԱԿ-ին եւ միջնորդութեամբ Միացեալ Նահանգներուն: