Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ստորագրեց սպաներու աստիճաններու բարձրացման որոշումը, որ կ՛ընդգրկէ լիբանանեան բանակի, Պետական անվտանգութեան ուժերու, Ընդհանուր ապահովութեան Ներքին ապահովութեան ուժերու մարզերը, բացի զօրավարի աստիճան բարձրացման որոշումէն, որ տակաւին չէ փոխանցուած նախագահին:
Նշենք, որ նոյն հրամանագիրը նախապէս ստորագրեց նաեւ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապ:



