Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Պլոքը Կոչ Ուղղեց Կազմելու Մասնագէտներու Կառավարութիւն Մը` Պահպանելով Հաւասարակշռութիւնը Եւ Օրինական Հաւասարութիւնը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պլոքը կոչ ուղղեց կազմելու նոր կառավարութիւն մը եւ նախ եւ առաջ ականջ տալու լիբանանցիներու ցաւերուն, նախքան` անձնական շահերով տարուիլը կամ համայնքներուն եւ քաղաքական ուժերուն շահերուն մասին մտածելը: Պլոքին նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ կառավարութեան կազմութեան համար անհրաժեշտ է մէկ չափանիշ, որն է ներքին...



















