Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատան գործակատար Մարթին Լոնկտընը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ բարգաւաճման խնդիրները, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական շարք մը հարցեր:
Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան-բրիտանական երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:
Նախագահ Աուն գնահատեց Լոնկտընի աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր` իր ստանձնած նոր պարտականութիւններուն մէջ:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցեր, կառավարութեան կացութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ Մեթնի կենցաղային կարիքները:
Պու Սաապ նախագահ Աունին ներկայացուց Լիբանանեան-քանատական հիւանդանոցին մէջ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Ուատի Ժամաժեմ ճամբու ընդարձակման աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ:
Հանդիպումին քննարկուեցան Աքքարի կարիքները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը:
Նախագահ Աուն երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին հետեւեցաւ նաեւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին ընթացքին տրուած որոշումներուն գործադրութեան ընթացքին:



