Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 2, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՔԱՆԻՔԻ պաշտօնեաներու սենտիքան երէկ կոչ ուղղեց ընդհանուր գործադուլի դիմել իր բոլոր կեդրոններուն մէջ, այսօր` ուրբաթ, 2 յուլիսէն սկսեալ: Անոնք կը բողոքեն իրենց աշխատավարձերու արժեզրկման եւ ապրուստի պայմաններու վատթարացման դէմ:

«ՕԺԵՐՕ»-Ի մէկ պատասխանատուն երէկ ընկերային ցանցերու միջոցով յայտարարեց, թէ Մեթնի Ժտէյտէի հեռաձայնային կապի կեդրոնին մէջ ծագած ելեկտրական խանգարումի պատճառով  կեդրոնի ծառայութիւնները դադրած են շրջանին մէջ: Նոյն աղբիւրը աւելցուց, թէ մասնագէտներ սկսած են լուծելու խանգարումի հարցը:

ԱՔՔԱՐԻ Քֆարհրրա աւանի մէկ ճաշարանին մէջ պատահած անհատական միջադէպ մը երէկ պատճառ դարձաւ մինչեւ Թել Ապպաս շրջան փոխադարձ հետապնդումի եւ զինեալ յարձակումի, որուն պատճառով մէկ հոգի սպաննուեցաւ եւ ուրիշ մը վիրաւորուեցաւ: Ապահովական ուժեր քննութիւն բացին ստուգելու եւ հետապնդելու համար կրակողները:

ԶԱՀԼԷԻ պենզինի մէկ կայարանին առջեւ պատահած միջադէպ մը երէկ սաստկանալով վերածուեցաւ փոխադարձ ծեծուըրտուքի եւ կրակոցի: Այս առիթով միջադէպին մասնակից կարգ մը անձեր կոտրտեցին կայարանի սարքերը: Ապահովութեան ուժեր միջամտելով հանդարտեցուցին մթնոլորտը եւ քննութիւն բացին դէպքին ծալքերն ու կրակողներուն ինքնութիւնը ստուգելու համար:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղատա Շրէյմ երէկ նախագահ Միշել Աունն ու հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապը ներկայացուց Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տօնին առիթով կազմակերպուած «Զում»-ի ելեկտրոնային հանդիպումին: Այս առիթով դեսպան Տորըթի Շէա խօսք մը արտասանեց:

ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ սենտիքան երէկ հաղորդագրութեամբ մը բուռն կերպով դատապարտեց բրիտանացի երկու լրագրողներու առեւանգումը Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ` կոչ ուղղելով անյապաղ ազատ արձակելու զանոնք: Հաղորդագրութիւնը յաչս արտաքին աշխարհին Լիբանանի վարկը նսեմացնող արարք նկատեց առեւանգումի դէպքը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ Թռչնաբուծարաններու սենտիքան երէկ ահազանգ հնչեցուց` կոչ ուղղելով անմիջական լուծում գտնել հաւնոցներու ելեկտրածին շարժակներուն համար մազութի ապահովման հարցին: Այլապէս հազարաւոր հաւեր շնչահեղձ պիտի ըլլան բարձր ջերմաստիճանէն:

ՀԱԿԱՌԱԿ պենզինի հարցին մասնակի լուծման եւ սակագինի բարձրացման 71 հազար 200 լիբ. ոսկիի եւ 72 հազար 100 լիբ. ոսկիի, երէկ ինքնաշարժներ դարձեալ երկար շարքեր բռնեցին պենզինի կայաններուն առջեւ:

ԱՊՐՈՒՍՏԻ եւ կենցաղային պայմաններուն դէմ բողոքի բազմաթիւ ելոյթներ եւ ցոյցեր կատարուեցան երէկ Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ, յատկապէս` Պաալպեքի, Աքքարի, Թրիփոլիի, Սայտայի, Սուրի եւ այլ շրջաններու մէջ: Իսկ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու նորընտիր սենտիքային կազմակերպութեամբ քայլարշաւ-ցոյց մը տեղի ունեցաւ Քոլայի շրջանէն մինչեւ Ատլիէ «իրաւաբանի տան» փողոցը` պահանջելով ապրուստի պայմաններու բարելաւումը:

 

 

 

 

Նախորդը

Գարեգին Վեհափառի Կեանքի Վերջին Օրերից

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Նախագահեց Դեղորայքի Յատուկ Ժողովի

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.