Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քորոնա» Ժահրի Հնդկական Տարբերակ «Տելթա»-ն Հասաւ Լիբանան

July 3, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վառելանիւթի, յատկապէս պենզինի տագնապի ժամանակաւոր լուծման փուլը թեւակոխելու սեմին գտնուող լիբանանցին երէկ յետմիջօրէին ստացաւ նոր լուր մը` «Քորոնա» ժահրի հնդկական տարբերակ «Տելթա»-ին Լիբանան հասնելուն մասին:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի «Տելթա» տարբերակով ախտաճանաչուած երեք պարագաներ արձանագրուած են` կոչ ուղղելով բոլորին պատուաստուելու, որովհետեւ անիկա միակ միջոցն է պաշտպանելու քաղաքացիները:

Հասան կոչ ուղղեց բոլորին նաեւ խստացնելու «Քորոնա» ժահրի նախազգուշութիւնները` վարակումը կանխարգիլելու նպատակով:

Միւս կողմէ, պենզինի տագնապին մասնակի լուծման կողքին, ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերը կը հաստատեն մազութի տագնապի առկայութիւնը` շեշտելով, որ իրենք չեն կրնար իրենց աշխատանքը շարունակել եւ ելեկտրական հոսանք տրամադրել քաղաքացիներուն, եթէ մազութի տագնապը չլուծուի:

Նոյն մտահոգութեան մասին բողոք բարձրացուց նաեւ փուռերու սենտիքան, որ հաստատեց, որ առանց մազութի փուռերը անկարելի է որ բանին, հետեւաբար անոնք զգուշացուցին հացի տագնապի հաւանականութենէն:

Իր կարգին, տնտեսութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ մէկ կապ լիբանանեան հացին (մեծ) սակը 3750 լ. ոսկի է, եթէ փուռէն գնուի, իսկ վաճառատունէն գնելու պարագային` 4000 լ. ոսկի:

Նախարարութիւնը աւելցուց նաեւ, որ մեծ չափի լիբանանեան հացին պարագային սակը սղելով հանդերձ հացի կապին կշիռքը նուազած է 876 կրամի (նախապէս` 900 կրամ):

Նախարարութեան համաձայն, փոքր չափի լիբանանեան հացին սակը փուռէն գնուելու պարագային 2500 լ. ոսկի է (390 կրամ), իսկ վաճառատունէն գնելու պարագային` 2750 լ. ոսկի:

Երկրին մէջ տիրող այս վիճակին առընթեր, սակաւաթիւ ցուցարարներ հրկիզուող  անիւներով փակեցին կարգ մը շրջաններուն փողոցները` շարունակելով բողոքել տիրող տնտեսական ահռելի կացութեան, ինչպէս նաեւ ընկերային ողբերգական պայմաններուն դէմ:

Ցուցարարներ փակեցին Նապաթիէ Ֆաուքա-Քֆարթըպնիթ ճամբան, իսկ Քֆարրըմման շրջանէն Նապաթիէ տեղի ունեցաւ բողոքի երթ մը:

Երեկոյեան ցուցարարներ փակեցին Սայտայի հին ճամբան, ինչպէս նաեւ միջազգային մայրուղին` հիւսիսային Պեքաայի Այն գիւղաքաղաքին կից:

Նախորդը

Զօր. Աուն. «Ոչ Ոքի Պիտի Արտօնենք Թրիփոլիի Ապահովութեան Դպչիլ»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Լոնկտընի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

RelatedPosts

Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի  Անդամ, Գաղթականներու Հարցերու  Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

October 21, 2026
Իսրայէլեան Բանակ. «Լիբանանեան Բանակէն  Կողմերու Եւ Հըզպալլայի Միջեւ  Համակարգում Նշմարեցինք»
Լիբանանեան

Իսրայէլեան Բանակ. «Լիբանանեան Բանակէն Կողմերու Եւ Հըզպալլայի Միջեւ Համակարգում Նշմարեցինք»

October 21, 2026
Ատուան Հզօր Հանրապետութիւն Պլոքին  Անունով Խորհրդարանի Նստաշրջանը  Կրճատելու Օրինագիծ Մը Ներկայացուց
Լիբանանեան

Ատուան Հզօր Հանրապետութիւն Պլոքին Անունով Խորհրդարանի Նստաշրջանը Կրճատելու Օրինագիծ Մը Ներկայացուց

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.