Լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ ուղղաթիռով մը ուղղուեցաւ Թրիփոլի, ուր ստուգեց լիբանանեան բանակի Թրիփոլիի եւ անոր շրջակայքին մէջ գտնուող զօրամասերը, ինչպէս նաեւ շրջանին անվտանգութիւնն ու Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած վերջին միջադէպերը:
Զօր. Աուն հանդիպում մը ունեցաւ բանակի զօրամասերուն հետ եւ դրուատեց անոնց կարգապահութիւնն ու քաջութիւնը` Թրիփոլին սադրանքներէ փրկելու իմաստով:
«Ոմանք ուզեցին մեզի Թրիփոլիի բնակչութեան դէմ յանդիման դնել, սակայն դուք ձեր իմաստութեամբ քաղաքն ու անոր բնակիչները փրկեցիք», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն հաստատեց, որ երկրին տնտեսական կացութիւնը իր ծանր բեռը կը պարտադրէ լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան բանակին վրայ: «Մենք կը զգանք ժողովուրդին հետ, որովհետեւ մենք ալ նոյն տառապանքը եւ քիչ մըն ալ աւելին կ՛ապրինք` նկատի ունենալով մեզի վստահուած այն բազում պարտականութիւնները, որոնց գործադրութեան պատիւը ունինք: Այս փուլը զգայուն է եւ դժուար, սակայն ձեր կամքով եւ հայրենիքին նկատմամբ հաւատքով` պիտի կարենանք շրջանցել զայն», ընդգծեց ան:
Զօր. Աուն, իր խօսքը ուղղելով Թրիփոլիի բնակիչներուն, հաստատեց, որ բանակը կը նկատուի Թրիփոլիի բնակչութեան անբաժան մասը: «Մենք կը զգանք ձեր ցաւն ու տառապանքը: Մենք ձեզի դէմ չենք: Դուք ամէն իրաւունք ունիք խաղաղ կերպով արտայայտելու ձեր բողոքը, եւ մենք պիտի պաշտպանենք ձեզի, սակայն առիթ մի՛ տաք, որ խուլիկաններ մուտք գործեն ձեր մէջ եւ անկարգապահութիւն արձանագրեն ու դիմեն այնպիսի արարքներու, որոնք կը մղեն ձեր եւ բանակին միջեւ ընդհարումի: Մենք ձեր դիմագրաւած տնտեսական տագնապը պատճառողները չենք, այլ` այդ նոյն տագնապէն ձեզի հետ տառապողը», շեշտեց զօր. Աուն:
Ան ընդգծեց, որ բանակը ոչ մէկ ատեն Թրիփոլիի բնակիչներուն հետ ճակատումի պիտի երթայ, ինչպէս նաեւ ոչ ոքի պիտի արտօնէ Թրիփոլիի ապահովութեան դպչիլ:
«Բանակը կը մնայ երկրին կայունութեան երաշխիքը եւ պիտի շարունակէ պահել իր երդումը` Լիբանանի հողն ու ժողովուրդը պաշտպանելու առումով», եզրափակեց ան: