Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ. «Կարելի Չէ Հարիրիին Հրաժարական Պարտադրել»

Յուլիս 5, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանանի կացութիւնը կայծակնային արագութեամբ կը վատթարանայ, յատկապէս այն արագ տրուած եւ լաւապէս չսերտուած որոշումներուն պատճառով, որոնք ընդհանրապէս ապարդիւն դուրս կու գան:

«Օրինակ, ինծի համար անհասկնալի է վառելանիւթի նպաստին նուազեցումը եւ անոր սակը ամերիկեան տոլարի 3900 սակի հիման վրայ ճշդելու քայլը, որովհետեւ անով հանդերձ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ պենզինի սակին տարբերութիւնը 140 հազար լ. ոսկի է, «հետեւաբար վառելանիւթի մաքսանենգումը, որ ներկայ տագնապին հիմքն է, կը յամենայ», ըսաւ ան:

Ժոմպլաթ հաստատեց, որ պենզինի եւ մազութի նպաստը նուազեցնելու զուգահեռ, պէտք է անպայման գործադրել հանրային փոխադրութեան ընդհանուր ծրագիր մը, որպէսզի կարելի ըլլայ թեթեւցնել ժողովուրդին բեռը:

Ան զարմանք յայտնեց մազութին պարզած գաղտնիքին մասին` աւելցնելով, որ այդ գաղտնիքը կը գտնուի երկրին տիրող մեծ ընկերութիւններուն մօտ:

«Աղքատութիւնը, անօթութիւնը, սղաճն ու մազութը բռնկող նիւթեր են, որոնք հրահրած են Թրիփոլիի յեղափոխութիւնը, որ պիտի վերածուի ամբողջական յեղափոխութեան` Լիբանանի տարածքին երկարող, եթէ կարելի չըլլայ տիրող կացութիւնը հակակշիռի տակ առնել», ըսաւ Ժոմպլաթ:

Ան զգուշացուց Թրիփոլիի բողոքի ցոյցերուն ընթացքին լիբանանեան բանակը առանձին ձգելու վտանգէն: «Կը սխալի ան, որ գետնի վրայ բանակը առանձին կը ձգէ, առանց քաղաքական իշխանութեան հովանաւորութեան: Միւս կողմէ, երկրին քաղաքական իշխանութիւնը պէտք է հովանաւորէ բանակին գործողութիւնները եւ անոր կողքին կանգնի` բանակին վստահելով ժողովուրդին օժանդակութեան օգտակար քայլերը, եւ ոչ թէ բանակն ու ժողովուրդը իրարու դէմ լարէ», յատնեց Ժոմպլաթ:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարը ընդգծեց հրաժարած կառավարութեան աշխատանքը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը` դիտել տալով, որ ան պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ:

Ան աւելցուց, որ երկիրը յուզող մարտահրաւէրներուն նկատմամբ կառավարութեան համակերպումը մերժելի է եւ արդարացում չունի», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով խորհրդարանին վաւերացուցած հատուցման քարտին, Ժոմպլաթ հարց տուաւ այդ քարտը ֆինանսաւորելու աղբիւրներուն մասին` շեշտելով, որ անիկա ուղղակիօրէն պէտք է առնչուած ըլլայ վառելանիւթի սակի նուազեցումին, ինչպէս նաեւ դեղորայքի սակերուն վերատեսութեան ենթարկումին հետ:

Ժոմպլաթ ըսաւ, որ ներկայիս տրուող ժամանակաւոր լուծումները ժամանակ շահելու փորձեր են` աւելցնելով, որ հիմնական լուծումը կը սկսի քաղաքական կեանքին մէջ` յստակ պարտականութեամբ նշանակուած կառավարութեամբ մը:

«Դժբախտաբար սակայն լուծման դիմաց դռները տակաւին փակ են, եւ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ կը գտնուի իր պատնէշին ետին, հակառակ անոր որ բոլորը գիտեն, թէ կառավարութեան կազմութիւնը անդունդէն դուրս գալու պարտադիր անցքն է», նշեց ան:

Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է փոխզիջումներ կատարեն` նկատել տալով, որ ոմանք, ինչպէս` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, կը սխալին, եթէ կը կարծեն, թէ ներկայիս կարելի է սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկել:

Ան նշեց, որ կարելի չէ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիին հրաժարական պարտադրել, եթէ հրաժարելու որոշումը անոր կողմէ չէ տրուած:

«Առանց համաձայնութեան յանգելու անցած իւրաքանչիւր օր ոճիր է: Կոչ կ՛ուղղեմ վերջ տալու ժամանակ կորսնցնելու տրամադրութեան եւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու բարեկարգումի կառավարութիւնը», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Շիա. «Կը Մաղթեմ, Որ Յառաջիկայ Տարուան Ընթացքին Պատասխանատու Քայլեր Առնուին` Լիբանանը Իր Տագնապներէն Դուրս Բերելու Նպատակով»

Յաջորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումէն 11 Ամիսներ Ետք Զոհերուն Հարազատները Կը Շարունակեն Պահանջել Արդարութիւնը

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?