Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 1, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ եւ վերակառուցման խորհուրդի անդամ Ժիհատ Արապ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, որ քառասնամեայ գործունէութենէ ետք Լիբանանի մէջ, որոշած է հարկադրաբար արտագաղթել` փակելէ ետք իր բոլոր հաստատութիւնները: Արապ հերքեց, թէ ինք եւ իր կինը ներկայ եղած են «Սերայ» ճաշարանի մուտքին ցուցարարներուն հետ պատահած միջադէպին` հաստատելով, որ ինք եւ իր կինը արդէն իսկ Լիբանանէն դուրս կը գտնուին:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ նաւահանգիստի շտեմարաններու գլխաւոր 16 սարքերէն 10-ն խանգարուած են եւ նորոգութեան կը կարօտին: Նաւահանգիստի «Պի.Սի.Թի.Սի.» բաժանմունքի պաշտօնեաներու սենտիքայի ներկայացուցիչը կոչ ուղղեց անյապաղ նորոգելու նշեալ սարքերը` նաւահանգիստ հասած ուտեստեղէնները փճացումէ փրկելու համար:

ՀԱՑԻՆ սակագինը դարձեալ պիտի սղի: Արդարեւ, 865 կրամ ընդգրկող մէկ կապ հացին գինը պիտի բարձրանայ 3500 լիբ. ոսկիի, իսկ վաճառատուներուն մէջ պիտի վաճառուի 3750 լիբ. ոսկիի:

ԼՍՈՂԱՏԵՍՈՂԱԿԱՆ մարզի պաշտօնեաներ երէկ բողոքեցին ու դատապարտեցին իրենց սենտիքայի նախագահ Ռինտալա Ժապպուրի դէմ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կողմէ դատական հայցի ներկայացումն ու հարցաքննութիւնը  յօդուածի մը պատճառով:

ԿԱՐԳ մը հիւանդանոցներ ահազանգ հնչեցուցին մազութի չգոյութեան պատճառով յառաջանալիք առողջապահական աղէտի մը հաւանականութեան գծով եւ կոչ ուղղեցին պատկան կողմերուն անյապաղ լուծելու այս հարցը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժար բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ խորհրդակցաբար որոշեցին այսօր` հինգշաբթի եւ վաղը` ուրբաթ ընդամէնը 5 միլիոն լիթր վառելանիւթ ապահովել Թրիփոլիի եւ Զահրանիի զտարաններէն` քաղաքացիներուն ծախելու համար:

ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ երթեւեկութեան փոխադրամիջոցներու սենտիքայի նախագահ Պասսամ Թլէյս երէկ հերքեց, որ հանրային երթեւեկութեան սակը 4 հազարէն 8 հազար լիբ. ոսկիի պիտի բարձրանայ: «Նման որոշում միայն հանրօգուտ շինութեանց նախարարութիւնը կու տայ», հաստատեց Թլէյս:

ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ պաշտօնեաներու ընկերակցութիւնը ազդարարեց փակել դրամատուները եւ դադրիլ աշխատելէ, եթէ ոեւէ պաշտօնեայի դէմ յարձակում գործուի: Նշենք, որ ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկութիւններ շրջեցան, ըստ որոնց, այսօր` հինգշաբթիէն սկսեալ դրամատուներն ու անոնց տնօրէնները յարձակման թիրախ պիտի ըլլան ցուցարարներու կողմէ` զանոնք մեղադրելով իրենց պահ դրած գումարները իւրացնելու յանցանքով:

 

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Վատիկան

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ստորագրեց Սպաներու Աստիճաններու Բարձրացման Հրամանագիրը

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?