Լիբանանեան

Տարուան Առաջին Կիսուն Սպառողական Ապրանքներու  Սակերը 46,10 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրեցին

Տարուան Առաջին Կիսուն Սպառողական Ապրանքներու Սակերը 46,10 Առ Հարիւրի Աճ Արձանագրեցին

Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց իր տեղեկագիրը, որուն մէջ հաստատեց, որ 2021-ի յունիս ամսուան սպառողական ապրանքներուն սակերը 9,71 առ հարիւրի աճ արձանագրած են` բաղդատած 2021-ի մայիս ամսուան սակերուն: Իւրաքանչիւր նահանգի պարագային արձանագրուած սղաճին համեմատութիւնը կը ներկայացուի հետեւեալ պատկերով. - Պէյրութի մէջ` 7,03 առ հարիւր: - Լեռնալիբանանի մէջ` 9,43 առ հարիւր: - Հիւսիսային Լիբանանի մէջ` 10,96 առ հարիւր: -...

Հարիրի. «Այս Փլուզումը Կասեցնելը Կարելի  Կ՛ըլլար, Եթէ Ոմանք Յամառ Եւ Եսասէր Չըլլային»

Հարիրի. «Այս Փլուզումը Կասեցնելը Կարելի Կ՛ըլլար, Եթէ Ոմանք Յամառ Եւ Եսասէր Չըլլային»

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Ռեպեքա Կրինտլէյը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Հարիրի երէկ թուիթըրեան գրառում մը կատարեց Ատհայի տօնին առիթով. ան շնորհաւորեց լիբանանցիները եւ մաղթեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած հարցերը լուծուին: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի փլուզումը կասեցնելը կարելի կ՛ըլլար, եթէ ոմանք յամառ ու եսասէր չըլլային:...

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Հայտարի Հետ Քննարկեց  Սայտայի Մարզադաշտը Վերանորոգելու  Կարելիութիւնները

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Հայտարի Հետ Քննարկեց Սայտայի Մարզադաշտը Վերանորոգելու Կարելիութիւնները

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարը` ներկայութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զայտ Խիամէի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր մարզական հարցեր, յատկապէս ֆութպոլի վերաբերող խնդիրներ: Հայտար յայտնեց, որ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պատրաստ է Լիբանանի Ֆութպոլի մրցաշարքին մեկնարկը կատարելու: Քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախապատրաստական աշխատանքը կատարել, որպէսզի ան մասնակցի Մոնտիալի զտման մրցումներու...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 215 վարակուածներ եւ մահացած 2 ուրիշներ: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները: ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ վարկեր տրամադրող պետական...

Ընկերային Իւ Ապահովական Գահավիժումի  Մտավախութիւններուն Առընթեր.  Կոչերն Ու Ճիգերը Կը Շարունակուին  Շուտափոյթ Լուծման Գծով

Ընկերային Իւ Ապահովական Գահավիժումի Մտավախութիւններուն Առընթեր. Կոչերն Ու Ճիգերը Կը Շարունակուին Շուտափոյթ Լուծման Գծով

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարումէն չորս օրեր ետք, Լիբանանի կացութիւնը կը շարունակէ օր ըստ օրէ դէպի յաւելեալ գահավիժում ընթանալ: Արդարեւ, ներքին, ընկերային, ապրուստի, կենցաղային, առողջապահական, քաղաքական ու ապահովական անկայունութեան սպառնալիքները գրեթէ ամէնօրեայ մտահոգութիւն դարձած են: Իսկ շաբաթավերջին, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան այն զգուշացումը, թէ` «կը մօտենանք մեծ բռնկումի սեմին», առաւել շեշտակի դարձուց ընկերային բռնկումի վտանգը, որուն պարզապէս մանրանկարներն են` Լիբանանի  զանազան...

Տնտեսական Եւ Ապահովական  Անկայուն Մթնոլորտի Մէջ.  Կոչեր Ու Ճիգեր` Կացութեան  Բարւօք Լուծման Հետքերով

Տնտեսական Եւ Ապահովական Անկայուն Մթնոլորտի Մէջ. Կոչեր Ու Ճիգեր` Կացութեան Բարւօք Լուծման Հետքերով

Նախանցեալ օր, հինգշաբթի, 15 յուլիսին Պաապտայի պալատէն նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի յայտարարած հրաժարականէն ետք, երկիրը թեւակոխեց նոր ու աւելի բարդ փուլ մը` նորանոր մտավախութիւններ ու մարտահրաւէրներ յառաջացնելով առանց այդ ալ  յուսալքուած լիբանանցիներուն եւ քաղաքական վերնախաւին մօտ հաւասարապէս: Արդարեւ, տնտեսական տագնապի վատթարացման  առընթեր, տարրական սննդեղէններու եւ դեղորայքի վաճառատուներու կրպակներէն «անհետացման»,  24 հազար լիբ. ոսկիի սեմը թեւակոխած տոլարի արագընթաց սլացքին եւ քաղաքացիներու...

Օհանեան-Գէորգեան Եւ Ողիմպիականի  Մարզիկներ` Ճափոնի Դեսպանին Մօտ

Օհանեան-Գէորգեան Եւ Ողիմպիականի Մարզիկներ` Ճափոնի Դեսպանին Մօտ

Ողիմպիական Խաղերուն Մասնակցող Լիբանանցի Մարզիկները` «Լիբանանի Իսկական Դեսպաններ» Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Օքոպօ Թաքիշի եւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախանցեալ օր հանդիպում մը ունեցան դեսպանի նստավայրին մէջ` ներկայութեամբ «Թոքիօ-2020-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչներու:  Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փիեռ Ժալըխ, ընդհանուր քարտուղար Հասսան Ռոստոմ, պատուիրակութեան նախագահ Մազեն Ռամատան եւ ողիմպիականի խաղերուն...

Հարիրի Կը Հրաժարի Կառավարութիւնը  Կազմելու Պարտականութենէն.  Նախագահ Աուն Շուտով Կը Ձեռնարկէ  Վարչապետի Նշանակման Նոր Խորհրդակցութիւններու

Հարիրի Կը Հրաժարի Կառավարութիւնը Կազմելու Պարտականութենէն. Նախագահ Աուն Շուտով Կը Ձեռնարկէ Վարչապետի Նշանակման Նոր Խորհրդակցութիւններու

Մօտ իննամսեայ ձգձգումէ ետք, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր նախագահ Միշել Աունին հետ քննեց նախանցեալ օր իր ներկայացուցած կառավարութեան ցանկին «ճակատագիրը»: Կարճատեւ խորհրդակցութենէ ետք, Հարիրի Պաապտայի հարթակէն յայտարարեց իր հրաժարականը` զայն վերագրելով նախագահ Աունի եւ իր միջեւ համախոհութեան չգոյութեան: «Նախագահին ներկայացուցի 24 նախարարներէ բաղկացած ցանկ մը եւ 24 ժամուան նոր առիթ տուի անոր, որ սերտէ եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ յաջողած է Իրաքէն ապահովել մէկ միլիոն թոն ֆիուլի վառելանիւթ, որ մօտերս կը հասնի Լիբանան: Ասիկա ան վերագրեց Իրաքի վարիչներուն, յատկապէս` վարչապետին հետ ունեցած սերտ խորհրդակցութիւններուն շնորհիւ: ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ երէկ երեկոյեան, յատկապէս նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականի յայտարարութենէն ետք փակեցին լիբանանեան զանազան շրջաններու, յատկապէս` Հիւսիսի, հարաւի եւ մայրաքաղաքի ու մասնաւորաբար Կեդրոնական դրամատան փողոցի...

Ահմատ Հարիրի Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Ահմատ Հարիրի Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Երիտասարդութեան ու Մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Մուսթաքպալ Հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմատ Հարիրի եւ Հոսանքի մարմնակրթութեան բաժանմունքի պատասխանատու Ֆէյսալ Քըլաուին։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեան։ Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցաւ մարմնակրթութեան մարզի հարցերը, դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ տարբեր ֆետերասիոններու գործունէութիւնն ու ֆետերասիոններու ընտրութեանց...

Լիբանանեան Թղթածրարի Միջազգայնացման  Մթնոլորտին Մէջ.  Կառավարութեան Կազմութեան  Ճիգերը Թափ Կ՛առնեն

Լիբանանեան Թղթածրարի Միջազգայնացման Մթնոլորտին Մէջ. Կառավարութեան Կազմութեան Ճիգերը Թափ Կ՛առնեն

Վերջին քանի մը օրերը յատկանշական էին Լիբանանի համար, ուր դիւանագիտական ուշագրաւ եռուզեռ արձանագրուեցաւ` թիրախ ունենալով կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը: Փաստօրէն, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երկար դադարէ ետք այցելեց Պաապտա, ուր նախագահ զօր. Միշել Աունին յանձնեց 24 նախարարներէ բաղկացած կառավարութեան ցանկ մը: Ըստ նախնական տեղեկութեանց, Հարիրի ցանկին մէջ ներառած է իր «նշանակած» երկու քրիստոնեայ նախարարներուն անունները, «արտաքին գործոց նախարարութիւնը «յանձնած է...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԷՅՐՈՒԹԻ նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատներն ու բարեկամները երէկ դարձեալ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին Արդարութեան պալատի շրջանին մէջ,  վճռաբեկ ատեանի դատախազութեան մուտքին, պահանջելով վերացնել պայթումի հարցով կասկածելիներու անձեռնմխելիութեան հանգամանքը: ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ներում` «Էմնըսթի ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութիւնը երէկ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ դատապարտեց ներքին գործոց նախարարութեան պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի տան մուտքին ոստիկաններուն ցուցաբերած վերաբերմունքը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու հարազատներուն նկատմամբ: «Արդարութիւնը արգելակելը մերժելի է»...

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի  Ա. Տարելիցին Ընդառաջ.  Զոհերուն Հարազատները  Կը Սաստկացնեն Իրենց Կեցուածքը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Ա. Տարելիցին Ընդառաջ. Զոհերուն Հարազատները Կը Սաստկացնեն Իրենց Կեցուածքը

Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումի առաջին տարելիցին սեմին, պայթումի զոհերուն հարազատները օրըստօրէ կը սաստկացնեն իրենց կեցուածքը` սպառնալով «աւելի անդին երթալ»: 4 օգոստոս 2020-ի պայթումի հեղինակներուն եւ յանցագործներուն ինքնութեան փնտռտուքով հարազատները երէկ աղմկարար ցոյց մը կազմակերպեցին իբրեւ բողոք, յատկապէս` խորհրդարանի անձնակազմի նախագահին եւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի դէմ: Արդարեւ, պայթումի ծալքերուն եւ յանցագործներուն գծով հետաքննութիւն կատարող դատախազ Ֆատի Պիթար վերջերս...

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Ներկայացուց  «Թոքիօ-2020»-Ի Ամառնային Ողիմպիական Խաղերուն  Մասնակցող Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Ներկայացուց «Թոքիօ-2020»-Ի Ամառնային Ողիմպիական Խաղերուն Մասնակցող Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը

Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն, «Լանքասթըր-Թամեր» պանդոկին մէջ (Հազմիէ) յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով ներկայացուց «Թոքիօ-2020»-ի ամառնային 32-րդ ողիմպիական խաղերուն մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը: Նշենք, որ այս խաղերը տեղի պիտի ունենան 23 յուլիսէն 8 օգոստոս: Այս մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փիեռ Ժալըխ եւ այլ անդամներ, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ: Այս...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՄԱԼ շարժումի նախկին ղեկավարներէն Մոհամետ Օպէյտի բնակարանը երկրորդ անգամ ըլլալով հրկիզուեցաւ Հարաւի Ժըպշիթ աւանին մէջ: Ըստ նախնական տուեալներուն, դէպքը «անմիջական հակազդեցութիւն» է Օպէյտի կատարած յայտարարութիւններուն, վերջերս պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին: «ՄԻՏԸԼ ԻՍԹ» օդանաւային ընկերութեան տնօրէնութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ 12 յուլիսէն սկսեալ Տոհայի «Համատ» օդակայան ժամանող լիբանանցիներուն անվճար պիտի տրամադրուի երեսնօրեայ տեւողութեամբ մուտքի արտօնագիր: Այս քայլը կրնայ վերանորոգուիլ ըստ ճամբորդի պահանջին:...

Պիթար Կը Մերժէ Խորհրդարանի Դիւանին  Յաւելեալ Փաստաթուղթեր Ներկայացնել

Պիթար Կը Մերժէ Խորհրդարանի Դիւանին Յաւելեալ Փաստաթուղթեր Ներկայացնել

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Զոհերուն Հարազատները Բողոքի Ցոյցեր Կը Կազմակերպեն Մաշնուքի Եւ Զաայթերի Բնակարաններուն Դիմաց Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատախազ Թարեք Պիթար մերժեց խորհրդարանի դիւանին յանձնել յաւելեալ փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին երեսփոխաններ Ալի Հասան Խալիլի, Ղազի Զաայթերի եւ Նուհատ Մաշնուքի` զանոնք անձեռնմխելիութենէ զրկելու եւ իբրեւ ամբաստանեալ հարցաքննելու պահանջին առումով: Երեկոյեան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատները բողոքի ցոյց...

Շիա Եւ Կրիօ Հանդիպում Մը  Ունեցան Պուխարիի Հետ

Շիա Եւ Կրիօ Հանդիպում Մը Ունեցան Պուխարիի Հետ

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ ընդունեց  Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան եւ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որոնց հետ քննարկեց 8 յուլիսին Սէուտական Արաբիա կատարած անոնց այցելութեան մանրամասնութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան ամերիկացի եւ ֆրանսացի դեսպաններուն Ռիատի մէջ ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները, եւ կատարուեցաւ այդ հանդիպումներուն արժեւորումը: Այցելութիւն` Աքըրի Փոխվարչապետ եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց...

Պըրրի. «Ոչ Մէկ Յանցագործ Կամ Մեղսակից  Կարելի Չէ Անձեռնմխելի Պահել`  Ինչ Պաշտօնի Վրայ Որ Ալ Ըլլայ Ան»

Պըրրի. «Ոչ Մէկ Յանցագործ Կամ Մեղսակից Կարելի Չէ Անձեռնմխելի Պահել` Ինչ Պաշտօնի Վրայ Որ Ալ Ըլլայ Ան»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հանդիպումէն ետք Արիտի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու: Միւս կողմէ, 2006-ի յուլիսեան պատերազմի բռնկումի յիշատակին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կացութեան մասին իսրայէլեան յայտարարութիւններուն պատասխանելու առիթով Պըրրի յայտնեց, որ 12 յուլիս 2006-ը բոլոր լիբանանցիներուն համար քննութիւն մըն էր` անոնց ազգային պատկանելիութեան, միասնականութեան...

Ժահժահ Եւ Պուխարի Մամլոյ Միացեալ  Ասուլիսի Մը Ընթացքին Անդրադարձան  Լիբանանեան-Սէուտական Յարաբերութիւններու  Ամրապնդման

Ժահժահ Եւ Պուխարի Մամլոյ Միացեալ Ասուլիսի Մը Ընթացքին Անդրադարձան Լիբանանեան-Սէուտական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ Մեհրապի մէջ հրաւիրեցին մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ կացութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւններու ամրապնդումին: Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան օգտագործելու իւրաքանչիւր առիթ, որ Լիբանանին եւ Սէուտական Արաբիոյ, ինչպէս նաեւ շրջանին փայլուն ապագայի յոյսեր կը ներշնչէ, ինչպէս նաեւ...

Կեդրոնական Դրամատուն.  «Լիբանանի Ձոյլ Ոսկին Ապահով Է,  Իսկ Պարտադիր Պահեստի Գումարին  Ձեռք Չենք Տուած Եւ Պիտի Չտանք»

Կեդրոնական Դրամատուն. «Լիբանանի Ձոյլ Ոսկին Ապահով Է, Իսկ Պարտադիր Պահեստի Գումարին Ձեռք Չենք Տուած Եւ Պիտի Չտանք»

Կեդրոնական դրամատան կողմէ երէկ հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ որոշ ատենէ մը ի վեր ձեռնարկած է սուտասանութեան եւ զրպարտութեան շարքի մը` Կեդրոնական դրամատան եւ անոր կառավարիչին` Ռիատ Սալամէի դէմ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Սէյիտի վերջին յերիւրանքը այն էր, թէ Սալամէ Կեդրոնական դրամատան մէջ պահ դրուած երկրին ձոյլ ոսկիէն բաժին մը կամ ամբողջը օգտագործած է: «Ժամիլ...

Page 402 of 988 1 … 401 402 403 … 988

Արխիւներ