Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 15, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԷՅՐՈՒԹԻ նաւահանգիստի պայթումի զոհերուն հարազատներն ու բարեկամները երէկ դարձեալ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին Արդարութեան պալատի շրջանին մէջ,  վճռաբեկ ատեանի դատախազութեան մուտքին, պահանջելով վերացնել պայթումի հարցով կասկածելիներու անձեռնմխելիութեան հանգամանքը:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ներում` «Էմնըսթի ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութիւնը երէկ «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ դատապարտեց ներքին գործոց նախարարութեան պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի տան մուտքին ոստիկաններուն ցուցաբերած վերաբերմունքը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու հարազատներուն նկատմամբ: «Արդարութիւնը արգելակելը մերժելի է» նշուած է «Թուիթըր»-ի գրառման մէջ, ուր նաեւ կը պահանջուի այս հարցով կասկածելի  բոլոր պատասխանատուներու անձեռնմխելիութեան վերացումը:

ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ երէկ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան կեդրոնատեղիի մուտքին` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջանին մէջ` կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպէն պահանջելով չեղեալ նկատել  պաքալորէայի պետական քննութիւնները:

ԱՆՁՆԱԿԱՆ միջադէպ մը երէկ Թրիփոլիի Թըպպանէ շրջանի Սուրիա փողոցին մէջ սաստկանալով պատճառ դարձաւ փոխադարձ կրակոցի` վիրաւորելով միջադէպին մասնակից երկու անձերը եւ երրորդ մը` սխալմամբ: Ապահովական ուժեր միջամտեցին եւ քննութիւն բացին դէպքին շուրջ:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ Միաթէյն թաղամասին մէջ բանավէճ մը սաստկանալով վերածուեցաւ զինեալ միջադէպի` պատճառելով առնուազն մէկ վիրաւոր: Ապահովական ուժեր փութացին դէպքին վայրը եւ քննութիւն բացին անոր շուրջ:

ՌՈՒՄԻԷԻ բանտարկեալները վերջերս սաստկացուցին իրենց բողոքի ձայները` պահանջելով բարելաւել իրենց կեցութեան կենցաղային պայմանները եւ արգելարանի վաճառատան սակագիներու «սղաճին» սանձումը: Անոնք պատկերասփռուած հաղորդակցութեամբ պահանջեցին դեղորայքի եւ ելեկտրականութեան բաշխումի դրութեան բարելաւումը իրենց խցիկներուն մէջ: Նշենք, որ անոնց հարազատները նոյնպէս բողոքի ելոյթներ կազմակերպեցին վերջերս` պահանջելով համավարակէն պաշտպանուելու միջոցառումներ որդեգրել արգելարանին մէջ: Անոնք մահուան համազօր նկատեցին իրենց զաւակներուն «Քորոնա» է վարակումը:

ԱՔՔԱՐԻ մէջ ցուցարարներ երէկ փակեցին շրջանի մայրուղին` բողոքելով մազութի չգոյութեան պատճառով ելեկտրականութեան յաճախակի ու երկար ընդհատման դէմ: Նոյն պատճառով բողոքի նման դրսեւորումներ պարզուեցան նաեւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ, ինչպէս` Տըննիէի, Սուրի, Սայտայի մայրուղիներուն վրայ, ուր ցուցարարներ որոշ ժամանակով փակեցին ճամբաները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ երէկ պահանջեց Կեդրոնական դրամատան մէջ պահ դրուած պետական ոսկիի գանձերու ստուգումը: Ան մտավախութիւն յայտնեց, որ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ կրնայ ոսկիի պահեստին մէկ մասը «վաճառած կամ փոխառութեան համար գրաւի դրած ըլլալ»:

ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ուժեր երէկ հիւսիսային Լիբանանի մէջ արգելափակեցին փոխադրակառք մը, որ մեծ քանակութեամբ փլասթիքէ տակառիկներով պենզին կը փոխադրէր` խիստ բարձր գինով վաճառելու համար «սեւ» շուկային մէջ:

Նախորդը

Արցախի Եւ Հայաստանի Ջրապաշարները` Ազրպէյճանաթուրքական Թիրախում

Յաջորդը

Լիբանանեան Թղթածրարի Միջազգայնացման Մթնոլորտին Մէջ. Կառավարութեան Կազմութեան Ճիգերը Թափ Կ՛առնեն

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.