ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 215 վարակուածներ եւ մահացած 2 ուրիշներ:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Պըրրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:
ԲՆԱԿԱՐԱՆԱՅԻՆ վարկեր տրամադրող պետական յատուկ հաստատութիւնը (Իսքան) յայտարարեց, որ 26 յուլիսէն 9 օգոստոս իր դռները փակ պիտի պահէ` սերտելու եւ վաւերացնելու համար իր ստացած հազարաւոր հրաւէրները: Հաստատութիւնը կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքացիներուն հասկացողութիւն ցուցաբերելու այս որոշումին, որ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ թէ՛ անոնց եւ թէ՛ հատատութեան աշխատանքին համար:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան մէկ պատուիրակութիւնը 19-21 յուլիս 2021-ին պիտի այցելէ Պէյրութ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ ելեւմտական մարզի պատասխանատուներուն եւ քաղաքացիական ընկերութեան խմբաւորումներուն հետ` քննարկելու համար փտածութեան, ապօրինի ֆինանսաւորման եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերող հարցեր:
ՄԱԿ-Ի դիտորդներու պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց սահմանային Կապոյտ գիծ եւ յատկապէս Ատայսէի ու Ժապալ Շէյխի շրջանին մէջ ստուգեց տիրող կացութիւնը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Մոհամետ Հասան պըն Ժապեր Ալ Ժապերը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ֆատի Սաատ յայտնեց, որ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի կարողութիւն ունէր մասնագէտներէ բաղկացած կառավարութիւն մը կազմելու, եթէ անոր արտօնէին, որ ան անկաշկանդ գործէ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն վարչապետի նշանակման երեսփոխանական խորհրդակցութիւնները որոշ ժամանակ ետք պիտի կատարէ` յաւելեալ բարդութիւններու առաջքը առնելու համար:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ Լիբանանի փրկութեան եւ կառավարութեան կազմութեան նպատակով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր ջանքերը պիտի չկասեցնէ` հաստատելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը անհրաժեշտութիւն է, որովհետեւ անիկա դէպի կայունութիւն կ՛առաջնորդէ:
ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական խորհուրդը կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին հրաւիրելու երեսփոխանական խորհրդակցութիւններ` կազմելու համար նոր կառավարութիւն մը, որ կարող է երկիրը ամբողջական փլուզումէ փրկել եւ հարցերու լուծման ձգձգումներուն վերջ տալ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, այս շաբաթավերջին ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժար եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ պիտի ուղղուին Իրաք, որպէսզի վերջնականացնեն Իրաքի կողմէ Լիբանանի յատկացուելիք մէկ միլիոն թոն նաւթի նուէրը: Կը նախատեսուի, որ իրաքեան նաւթով Լիբանանի մէջ 7 ամսուան ուժանիւթ ապահովուի` սկսեալ օգոստոսի կէսէն: