Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Ա. Տարելիցին Ընդառաջ. Զոհերուն Հարազատները Կը Սաստկացնեն Իրենց Կեցուածքը

Յուլիս 14, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումի առաջին տարելիցին սեմին, պայթումի զոհերուն հարազատները օրըստօրէ կը սաստկացնեն իրենց կեցուածքը` սպառնալով «աւելի անդին երթալ»: 4 օգոստոս 2020-ի պայթումի հեղինակներուն եւ յանցագործներուն ինքնութեան փնտռտուքով հարազատները երէկ աղմկարար ցոյց մը կազմակերպեցին իբրեւ բողոք, յատկապէս` խորհրդարանի անձնակազմի նախագահին եւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի դէմ:

Արդարեւ, պայթումի ծալքերուն եւ յանցագործներուն գծով հետաքննութիւն կատարող դատախազ Ֆատի Պիթար վերջերս հարցաքննութեան հրաւիրած էր իբրեւ ականատես թէ մեղադրեալ` կարգ մը քաղաքական ու զինուորական անձնաւորութիւններ: Առ այդ, դատախազ Պիթար խորհրդարան յղեց երեք երեսփոխաններու դէմ անձեռնմխելիութեան հանգամանքի վերացումը` խնդրոյ առարկայ անձերը հարցաքննել կարենալու համար: Սակայն խորհրդարանը երկու շաբթուան պայմանաժամ ուզեց` քննելու համար ներկայացուած դիմումին բնոյթը, ստուգելու համար մեղադրանքին տուն տուող  ծալքերը եւ թէ անիկա քաղաքական կեցուածքներէ չէ մղուած: Նմանապէս, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի, որ նախապէս խոստացած էր ամէն ձեւով գործակցիլ եւ դիւրացնել զոհերու հարազատներուն պահանջներուն գոհացման գծով, փոխելով իր կեցուածքը` մերժեց դատարան կանչուած անձնաւորութիւններուն հարցաքննութեան արտօնումը: Այս երկու ժխտական կեցուածքները բաւարար էին առանց այդ ալ վշտահար ու ընդվզած հարազատները դարձեալ փողոց մղելու եւ «բռնկեցնելու» մթնոլորտը:

Արդարեւ, զոհերու հարազատներն ու ցաւակիցները երէկ կէսօրէ ետք համախմբուեցան ու մայրաքաղաք Պէյրութի Ռիատ Սոլհի հրապարակէն ուղղուեցան դէպի ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի բնակարանը, Քրայթեմ: Անոնց մէկ այլ խումբը ուղղուեցաւ Նըժմէի հրապարակ, խորհրդարանի մուտքին: Ժամեր տեւած իրենց բողոքի ելոյթներուն ընթացքին անոնք բացագանչեցին իրենց հարազատ նահատակներուն անունները` ընդգծելով, որ իրենց համար «ամէն օր 4 օգոստոս» է` փորձելով մուտք գործել ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարին բնակարանը: Սակայն որքան որ կ՛ընդդիմանային խորհրդարանի թէ նախարար Ֆահմիի պահապան ոստիկանները, այնքան աւելի կը սաստկանար ցուցարարներուն պոռթկումը` հասնելով ծեծուըրտուքի եւ անարգական վիրաւորանքներու: Անոնք յաջողեցան «քակել» ու տեղէն հանել Ֆահմիի բնակարանի մուտքի երկաթեայ հսկայ դրան մէկ մասը: Սակայն ապահովութեան ուժեր արցունքաբեր կազ սրսկեցին անոնց դէմ` պատճառելով քանի մը ցուցարարներու շնչասպառ նուաղումը: Ցուցարարները Ֆահմիի բնակարանին առջեւ ճօճեցին իրենց հարազատներուն  խորհրդանշական դագաղները: Անոնց նետած քարերուն պատճառով վիրաւորուեցան շուրջ 20 ոստիկաններ:

Գրեթէ նոյն պատկերը պարզուեցաւ խորհրդարանի մուտքին: «Պիթա՛ր, մենք հե՛տդ ենք», «Մոհամետ Ֆահմի՛, արիւնդ վատնուած է» կոչերով ու սպառնալիքներով ցուցարարները խոստացան սաստկացնել իրենց բողոքի քայլերը` պահանջելով արտօնել կասկածելիներու հարցաքննութիւնը: Քաղաքացիական պաշտպանութեան չորս տարբեր խումբերու տարրեր փութացին նախնական դարմանումներ կատարել վիրաւորուած թէ նուաղած ցուցարարներուն եւ ծանր պարագաները հիւանդանոց փոխադրել:  Իր կարգին, Ներքին ապահովութեան ուժերու տնօրէնութիւնը հաղորդագրութեամբ մը իր կեցուածքը արդարացուց յայտնելով. «Մենք մեր պարտականութիւնը կը կատարէինք ըստ օրէնքի»: Նշենք, որ աւելի ուշ, անոնց միացաւ նաեւ տնտեսական պատճառով բողոքի ելոյթներ կազմակերպած ու յաճախակիօրէն ճամբաներ փակած ընդվզած քաղաքացիներու հսկայ խումբ մը:

Նախորդը

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Ներկայացուց «Թոքիօ-2020»-Ի Ամառնային Ողիմպիական Խաղերուն Մասնակցող Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Ակնարկ. Եռանախագահող Երկիրները Շուշին Նկատեցին Արցախի Անբաժանելի Տարածքը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?