Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տնտեսական Եւ Ապահովական Անկայուն Մթնոլորտի Մէջ. Կոչեր Ու Ճիգեր` Կացութեան Բարւօք Լուծման Հետքերով

Յուլիս 17, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր, հինգշաբթի, 15 յուլիսին Պաապտայի պալատէն նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի յայտարարած հրաժարականէն ետք, երկիրը թեւակոխեց նոր ու աւելի բարդ փուլ մը` նորանոր մտավախութիւններ ու մարտահրաւէրներ յառաջացնելով առանց այդ ալ  յուսալքուած լիբանանցիներուն եւ քաղաքական վերնախաւին մօտ հաւասարապէս:

Արդարեւ, տնտեսական տագնապի վատթարացման  առընթեր, տարրական սննդեղէններու եւ դեղորայքի վաճառատուներու կրպակներէն «անհետացման»,  24 հազար լիբ. ոսկիի սեմը թեւակոխած տոլարի արագընթաց սլացքին եւ քաղաքացիներու առանց այդ ալ սպառած ու յուսաբեկ ջիղերը ցնցող խճողումի կողքին` գլուխ ցցեց նաեւ  ցարդ թմբիրի մէջ եղող ամէնէն զգայուն մարզը` ապահովական բռնկումի սպառնալիքը: Փաստօրէն, լիբանանեան մէկէ աւելի շրջաններու մէջ ճամբաներու փակման հետեւանքով ծագած միջադէպերուն մէջ, ամէնէն վտանգաւորը երէկ` ուրբաթ, 16 յուլիսին Թրիփոլի քաղաքի Ժապալ Մուհսեն շրջանին մէջ ծագած զինեալ միջադէպն էր, երբ շրջանի ցուցարարներ բողոքելով սկսած էին քարկոծել միջամտելու համար եկած բանակային ուժերը, որոնք ստիպուած հակազդած էին կրակոցով: Նախնական տեղեկութեանց համաձայն, կան 15 վիրաւորներ ապահովական ուժերէն, իսկ աւելի քան 25 հոգի` ցուցարարներէն: Վիրաւորներէն մէկուն վիճակը խիստ ծանր է: Նմանապէս, այլ շրջանի մը մէջ ծագած բախումներուն զոհ գացած է «Ժազիրա» արբանեակային կայանի մէկ նկարիչը: Հարաւային Լիբանանի ուղղութեամբ փակուած ճամբաներէն մէկուն մէջ, ցուցարարներ գաւազաններով փշրած են խճողումին մէջ սպասող ինքնաշարժի մը ապակիները:

Ապահովական վիճակի վատթարացման վտանգին գծով ուշագրաւ էր բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Ժոզեֆ Աունի զգուշացումը երէկ Պաալպեքի 6-րդ ջոկատի կեդրոնէն իր կատարած յայտարարութեամբ, ուր ան կը զգուշացնէր, թէ երկիրը կ՛ընթանայ առաւել վատթարացման ուղղութեամբ: «Կը գտնուինք քաղաքական եւ ընկերային վատթարացած կացութեան մէջ», ըսաւ զօրավար Ժոզեֆ Աուն` ընդգծելով, որ երկրին ապահովութիւնը կարմիր գիծ է, եւ բանակը թոյլ պիտի չտայ վտանգելու երկրի ապահովական կայունութիւնը:

… Սակայն Տակաւին Յոյս Կայ

Հակառակ տիրող մթագնած մթնոլորտին, նախագահ Միշել Աուն երէկ լաւատեսութեամբ  ուզեց մօտենալ հարցերուն: Իր այցելուները եւ յատկապէս «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի մէկ պատուիրակութիւնը ընդունելով` նախագահ Աուն յոյս յայտնեց, որ Լիբանան պիտի կարենայ յաղթահարել ու շրջանցել իր դիմակալած դժուարութիւնները, որովհետեւ դէպքերը ապացուցեցին, որ լիբանանցիներուն մօտ կեանքին կառչելու կամքը գերիվեր է բոլոր դժուարութիւններէն»: Նախագահ Աուն իր գրաւը դրաւ երիտասարդութեան վրայ եւ մաղթեց, որ ոչինչ պէտք է յուսալքէ լիբանանցիները, որքան ալ դառն ու ծանր ըլլան անոնք` խոստանալով իր կարելին ընել դուրս գալու համար իրերայաջորդ այս տագնապներէն:

Իսկ կառավարութեան կազմութեան գծով կը նախատեսուի, որ երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները կայանան Ատհայի տօնի արձակուրդի աւարտին: Սակայն իրազեկ աղբիւրներու կարծիքով, կացութիւնը դարձեալ կրնայ ձգձգուիլ զանազան պատրուակներով, եւ վերաշխուժացուի Հասսան Տիապի հրաժարեալ կառավարութեան գործունէութիւնը:

Նոյն ծիրին մէջ, Գերմանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Մուսթաֆա Էտիպ երէկ գիշեր «Թուիթըր»-ի էջին վրայ կատարած իր գրառումով պարզեց, թէ երէկ նախագահ Միշել Աուն կապ պահած է հետը եւ հարց տուած, թէ տրամադի՞ր է դարձեալ ստանձնել վարչապետի պարտականութիւնը, սակայն ինք մերժած է նոյն պատճառներով, որ մերժած էր իր առաջին նշանակումի ընթացքին:

Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, Հարիրի նախքան իր հրաժարականի բացայայտումը երկու օրեր առաջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է հիւսիսային Լիբանանի ղեկավար դէմքերէն Ֆայսալ Քարամէի հետ, որուն անունը նոյնպէս վարչապետի թեկնածուներու ցանկին մաս կը կազմէ:

Շուտափոյթ Լուծման Կոչերը Կը Շարունակուին

Այս մթնոլորտին մէջ տեղական թէ արտաքին կոչերը շարունակուեցան` կառավարութեան կազմութեան գծով շուտափոյթ լուծման դիմելու:

Երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի կոչ ուղղեց անյապաղ ձեռնարկելու երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութեանց:

Նոյն ծիրին մէջ  եւ ըստ քաղաքական մեկնաբան Սալեմ Զահրանի, սերտ խորհրդակցութիւններ արդէն իսկ ընթացքի մէջ են Ֆրանսացի պատասխանատուներու եւ առնչակից կողմերու միջեւ, ուր խորհրդակցութիւնները կեդրոնացած են վարչապետի թեկնածութեան յարմարագոյն անուններուն վրայ: Ըստ նոյն աղբիւրին, նախագահ Աուն առաւելագոյն ձեւով պիտի դիւրացնէ վարչապետի նշանակման թէ կառավարութեան կազմութեան ճիգերը:

Արտաքին մակարդակի վրայ Լիբանանի ներկայ իրավիճակը առանցքային նիւթ էր նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթի միջեւ: Անոնք ցաւ յայտնեցին, որ Լիբանանի կացութիւնը կ՛երթայ «վատէն վատագոյնին», եւ շեշտեցին կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան ճիգերու աշխուժացման հրամայականը:

Եւրոպական Միութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեֆ Պորել երէկ ցաւ յայտնեց լիբանանեան կացութեան գծով: Ան այս կացութեան պատասխանատու նկատեց օրուան իշխանութիւնները, «որոնք ցարդ չեն իրագործած անմիջական բարեկարգումները»: Պորել կոչ ուղղեց կառավարութեան շուտափոյթ կազմութեան, որ «կարող ըլլայ բարեկարգումներու իրագործման, տնտեսական վիճակի բարելաւման ու երկրի կառավարման»:

Բրիտանիոյ կառավարութեան ղեկավար դէմքերէն Ճէյմս Քլեվըրլի կոչ ուղղեց անյապաղ կառավարութեան կազմութեան եւ բարեփոխման ջանքերու աշխուժացման:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն դարձեալ արծարծեց Լիբանանի վիճակը` կոչ ուղղելով շուտափոյթ կառավարութեան կազմութեան եւ տնտեսական բարեկարգումներու իրականացման:

Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա ցաւ յայտնելով Լիբանանի կացութեան հասած աննախընթաց դրութեան համար, կոչ ուղղեց ճիգ չխնայելու հարցերու հարթումին համար: Ան վերահաստատեց իր երկրի պատրաստակամութիւնը ամէն ձեւով զօրավիգ կանգնելու լիբանանցի ժողովուրդին եւ հոգալու անոր ապրուստի կենցաղային տարրական կարիքները:

Նախորդը

Օհանեան-Գէորգեան Եւ Ողիմպիականի Մարզիկներ` Ճափոնի Դեսպանին Մօտ

Յաջորդը

ՀՅԴ Հայ Դատի Պելճիքայի Յանձնախումբը Բողոքի Նամակ Ուղղած Է Երկրի Արտաքին Գործոց Նախարարին

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?