Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Ոչ Մէկ Յանցագործ Կամ Մեղսակից Կարելի Չէ Անձեռնմխելի Պահել` Ինչ Պաշտօնի Վրայ Որ Ալ Ըլլայ Ան»

July 13, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ղազի Արիտին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Արիտի մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու:

Միւս կողմէ, 2006-ի յուլիսեան պատերազմի բռնկումի յիշատակին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կացութեան մասին իսրայէլեան յայտարարութիւններուն պատասխանելու առիթով Պըրրի յայտնեց, որ 12 յուլիս 2006-ը բոլոր լիբանանցիներուն համար քննութիւն մըն էր` անոնց ազգային պատկանելիութեան, միասնականութեան կառչածութեան եւ դիմադրելու ու գոյատեւելու կամքին առումով:

«Լիբանանցիները յաջողեցան այդ քննութեան մէջ եւ կրցան ձախողեցնել իսրայէլեան պատերազմին եւ իսրայէլեան բռնարարքներուն ազդեցութիւնը, ինչպէս նաեւ կրցան արգիլել Լիբանանի տապալումը», ըսաւ ան:

Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանան այսօր նոյն քննութեան դիմաց կը գտնուի` աւելցնելով, որ լիբանանցին պէտք է յաջողի նաեւ այս քննութեան մէջ, որովհետեւ եթէ պարտուի, ապա թշնամի Իսրայէլին ձրի յաղթանակ մը նուիրած կ՛ըլլայ:

«Լիբանանը տապալելը եւ լիբանանեան պետութիւնն ու անոր հաստատութիւնները անդամալուծելն ու անիշխանութեան մատնելը, ինչպէս նաեւ անձնական ատելութեան բագինին վրայ հայրենիքի զոհաբերումը` Լիբանանի ու լիբանանցիներուն դէմ դաւաճանութիւն գործելու մակարդակի արարք մը կը նկատուի», հաստատեց ան:

Պըրրի յայտնեց, որ 2006 տարուան ընթացքին այս օրերուն լիբանանցիները կը մղէին յուլիսեան պատերազմի յաղթանակը կերտած ճակատամարտերը: Ան աւելցուց, որ Լիբանան կը գտնուի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին Ա. տարելիցին սեմին` աւելցնելով, որ իբրեւ Ամալ շարժումի ղեկավար եւ խորհրդարանի նախագահ պայթումի զոհերու հարազատներուն եւ պայթումէն բոլոր տուժողներուն կը հաստատէ, որ անիկա ազգային ոճիր մըն է, որ լիբանանցիները վիրաւորած է: «Մենք պիտի պահանջենք պայթումին ամբողջ ճշմարտութեան բացայայտումը, իր բոլոր մանրամասնութիւններով, ինչպէս նաեւ բոլոր յանցագործներուն դէմ պատժական միջոցներու որդեգրումը: Դէպի ճշմարտութիւն տանող ամէնէն մօտիկ ճամբան օրէնքի գործադրութիւնն է` հեռու մնալով գրգռութիւններ հրահրելէ, սադրանքներ նիւթելէ եւ ժողովրդահաճոյ ձեւերու եւ միջոցներու դիմելէ: Ամենայն թափանցիկութեամբ եւ հանդարտութեամբ կը հաստատենք, որ ոչ մէկ յանցագործ կամ մեղսակից կարելի չէ անձեռնմխելի պահել` ինչ պաշտօնի վրայ որ ալ ըլլայ ան: Խորհրդարանը պիտի զօրակցի ու գործակցի դատական իշխանութիւններուն հետ` սահմանադրութեան եւ օրէնքի յարկին ներքեւ: Անձեռնմխելի են միայն հայրենիքին նահատակները, քաղաքացիին արժանապատուութիւնը, սահմանադրութիւնն ու օրէնքը եւ ոչ թէ անտառի օրէնքը», շեշտեց Պըրրի:

 

Նախորդը

Ժահժահ Եւ Պուխարի Մամլոյ Միացեալ Ասուլիսի Մը Ընթացքին Անդրադարձան Լիբանանեան-Սէուտական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման

Յաջորդը

Շիա Եւ Կրիօ Հանդիպում Մը Ունեցան Պուխարիի Հետ

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.