Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ Եւ Պուխարի Մամլոյ Միացեալ Ասուլիսի Մը Ընթացքին Անդրադարձան Լիբանանեան-Սէուտական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման

July 13, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ եւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ Մեհրապի մէջ հրաւիրեցին մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ կացութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւններու ամրապնդումին:

Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան օգտագործելու իւրաքանչիւր առիթ, որ Լիբանանին եւ Սէուտական Արաբիոյ, ինչպէս նաեւ շրջանին փայլուն ապագայի յոյսեր կը ներշնչէ, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան ընտրանքը կ՛ամրապնդէ եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները կը բարգաւաճեցնէ:

Ան նշեց, որ Լիբանան կը գտնուի արտակարգ տագնապալի եւ տառապանքի իրավիճակի մը մէջ` կարգ մը ուժերու կողմէ կատարուած եւ Լիբանանի ու լիբանանցիներու շահերուն չծառայող անտեղի գրաւներու պատճառով, որոնք նաեւ կը վնասեն Լիբանանի եւ իր եղբայր երկիրներուն, որոնց կարգին Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն:

«Մենք պատրաստ ենք ամէն ջանք ի գործ դնելու, որպէսզի երկիրը դուրս բերենք մութ փապուղիէն: Մենք ցմահ կառչած կը մնանք մեր անկախութեան եւ չենք ընդունիր որեւէ հոգատարութիւն` ըլլայ ան բացայայտ, թէ գաղտնի: Կառչած կը մնանք լիբանանեան պետութեան գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան, եւ անոր ռազմավարական որոշումները տալուն մէջ կը մերժենք որեւէ գործընկեր», հաստատեց Ժահժահ:

Ան կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու` հասնելու համար գերիշխան կառավարութեան մը, կարողութիւններով օժտուած մաքուր ու պարկեշտ վարչութեան մը, որ լիբանանցիներուն դիմագրաւած փտածութեան վերջ կու տայ եւ Լիբանանը կ՛ուղղէ դէպի տնտեսական բարգաւաճում ու ելեւմտական հաւասարակշռութիւն:

Ժահժահ բարձր գնահատեց Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքը Լիբանանի հանդէպ, որ միշտ զօրակցական եղած է եւ օր մը օրանց Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն չէ նկատուած:

Իր կարգին, Պուխարի յայտնեց, որ Լիբանան եւ Սէուտական Արաբիա միացեալ պատասխանատուութիւն ունին դիմադրելու միջազգային ոճիրին, որ կը կոչուի մաքսանենգում:

«Կը գտնուինք հիմնական երեք առանցքներու դիմաց, որոնք են` ապահովական համապատասխան միջոցառումներու որդեգրում, լուծման յանգելու առումով քաղաքական իսկական կամք, ինչպէս նաեւ պարկեշտ դատական իշխանութիւն, որ կ՛ամբողջացնէ ապահովական միջոցառումները», ըսաւ Պուխարի:

Ան աւելցուց, որ այս հանդիպումին նպատակն է քննարկել դէպի Սէուտական Արաբիա թմրեցուցիչի մաքսանենգումը կասեցնելու առումով որդեգրուած դասաւորումները, ինչպէս նաեւ քննարկել այլ առաջարկներ` յանգելու համար այդ իմաստով ստորագրուելիք միացեալ փաստաթուղթի մը:

 

 

Նախորդը

Կեդրոնական Դրամատուն. «Լիբանանի Ձոյլ Ոսկին Ապահով Է, Իսկ Պարտադիր Պահեստի Գումարին Ձեռք Չենք Տուած Եւ Պիտի Չտանք»

Յաջորդը

Պըրրի. «Ոչ Մէկ Յանցագործ Կամ Մեղսակից Կարելի Չէ Անձեռնմխելի Պահել` Ինչ Պաշտօնի Վրայ Որ Ալ Ըլլայ Ան»

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.