Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1147 վարակուածներ եւ մահացած 3 ուրիշներ: ՅՈՅՆ ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը հաստատեց, որ իրենք կը քաջալերեն 4 օգոստոսի պայթումի զոհերուն հարազատները եւ անոնց հետ կը պահանջեն կազմել միջազգային հետաքննութեան մարմին մը, եթէ Լիբանանի դատական իշխանութիւնները նաւահանգիստի պայթումին գծով արդարութիւն չկարենան հաստատել: ՊԱԱԼՊԵՔ-ՀԵՐՄԵԼ համախմբումի...



















