Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վ. Օհանեան-Գէորգեան Հայտարի Հետ Քննարկեց Սայտայի Մարզադաշտը Վերանորոգելու Կարելիութիւնները

July 20, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարը` ներկայութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զայտ Խիամէի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան ընդհանուր մարզական հարցեր, յատկապէս ֆութպոլի վերաբերող խնդիրներ:

Հայտար յայտնեց, որ ֆութպոլի ֆետերասիոնը պատրաստ է Լիբանանի Ֆութպոլի մրցաշարքին մեկնարկը կատարելու:

Քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախապատրաստական աշխատանքը կատարել, որպէսզի ան մասնակցի Մոնտիալի զտման մրցումներու Գ. փուլին:

Հանդիպումէն ետք Հայտար յայտնեց, որ նախարարի պաշտօնակատար Վ. Օհանեան-Գէորգեանին ներկայացուցած է ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ Սայտայի քաղաքապետութեան միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը Սայտայի մարզադաշտը վերանորոգելու կարելիութեան իմաստով` աւելցնելով, որ վերանորոգումի աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են, իսկ աւելի ուշ մարզադաշտին գործածութիւնը պիտի սահմանափակուի ֆետերասիոնին աշխատանքներով:

Հայտար յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են այդ ծրագիրին նիւթական ծախսերուն նախարարութեան մասնակցութեան կարելիութիւնները` նշելով, որ Վ. Օհանեան-Գէորգեան վերահաստատած է իր հետաքրքրութիւնը այդ էական թղթածրարին գծով եւ խոստացած է ամէնէն արագ միջոցին այդ հարցը քննարկել ելեւմուտքի նախարարին հետ եւ ըստ այնմ քայլերու դիմել:

Հայտար նշեց նաեւ, որ Վ. Օհանեան-Գէորգեանի հետ քննարկած է համակիրներուն մարզադաշտ վերադարձի կարելիութիւնները` նկատի ունենալով, որ օգոստոսի կիսուն կը կատարուի Լիբանանի Ֆութպոլի մրցաշարքի մեկնարկը:

Ան նշեց, որ այս իմաստով քննարկուած են երկրին առողջապահական իրավիճակին դրական եւ ժխտական կէտերը` աւելցնելով, որ համաձայնութիւն գոյացած է օգոստոսի աւարտին դարձեալ հանդիպիլ եւ առողջական իրավիճակին ընդհանուր արժեւորում մը կատարել ու այդ իմաստով վերջնական որոշում մը տալ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Հարիրի. «Այս Փլուզումը Կասեցնելը Կարելի Կ՛ըլլար, Եթէ Ոմանք Յամառ Եւ Եսասէր Չըլլային»

RelatedPosts

Վարչապետարանին Մէջ  Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետարանին Մէջ Սալամ-Հնգեակ Հանդիպում

January 13, 2026
Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական  50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է
Լիբանանեան

Եգիպտոս Սուրիոյ Ճամբով Լիբանան Օրական 50 Միլիոն Խորանարդ Մեթր Կազ Մղելու Սկսա՞ծ Է

January 13, 2026
Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան  Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը
Լիբանանեան

Ընտրութիւններու Վերահսկողութեան Մարմինը Տուաւ Իր Երդումը

January 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.