Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն, «Լանքասթըր-Թամեր» պանդոկին մէջ (Հազմիէ) յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով ներկայացուց «Թոքիօ-2020»-ի ամառնային 32-րդ ողիմպիական խաղերուն մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը:
Նշենք, որ այս խաղերը տեղի պիտի ունենան 23 յուլիսէն 8 օգոստոս:
Այս մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Փիեռ Ժալըխ եւ այլ անդամներ, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ:
Այս խաղերուն մասնակցող մարզիկներուն իր ուղղած խօսքին մէջ, նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նշեց, որ հակառակ այս դժուար պայմաններուն, անոնք ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեն բարձր պահելու համար Լիբանանի անունը եւ անոր ապահովելու համար մետալներ:
Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիօ մեկնող լիբանանցի մարզիկները պիտի ըլլան հետեւեալները.
Ռէյ Պասիլ (նշանառութիւն), Էլիաս Նասիֆ (ժիւտօ), Մունզեր Քապպարա (լողարշաւ), Մահասեն Ֆաթթուհ (ծանրաբարձութիւն), Նուրէտտին Հատիտ (աթլեթիզմ):
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ Մազեն Ռամատան: