Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 14, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՄԱԼ շարժումի նախկին ղեկավարներէն Մոհամետ Օպէյտի բնակարանը երկրորդ անգամ ըլլալով հրկիզուեցաւ Հարաւի Ժըպշիթ աւանին մէջ: Ըստ նախնական տուեալներուն, դէպքը «անմիջական հակազդեցութիւն» է Օպէյտի կատարած յայտարարութիւններուն, վերջերս պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին:

«ՄԻՏԸԼ ԻՍԹ» օդանաւային ընկերութեան տնօրէնութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ 12 յուլիսէն սկսեալ Տոհայի «Համատ» օդակայան ժամանող լիբանանցիներուն անվճար պիտի տրամադրուի երեսնօրեայ տեւողութեամբ մուտքի արտօնագիր: Այս քայլը կրնայ վերանորոգուիլ ըստ ճամբորդի պահանջին: Փոխադարձաբար, ճամբորդները պարտին ստացած ըլլալ կրկնակի պատուաստ իրենց հաստատագիրներով` պարզելով վերադարձի տոմս եւ ցոյց տալով պանդոկի կեցութեան իրենց վայրի հաստատումը:

ՑԱՄԱՔԱՅԻՆ երթեւեկի վարորդներու սենտիքայի նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, թէ վաղը` հինգշաբթի, 15 յուլիսին պիտի բացայայտէ երթեւեկի արտակարգ սակագին, ներկայութեամբ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմիի:

«ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆ երիտասարդներ կազմակերպութեան անդամ  խումբ մը երիտասարդներ երէկ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին ուժանիւթի եւ ելեկտրականութեան նախարարութեան առջեւ` պահանջելով ելեկտրական հոսանքի բաշխումի բարելաւումը:

ՍԱՅՏԱՅԻ մէջ փոքր թէ մեծ վաճառատուներու սեփականատէրեր եւ պաշտօնեաներ երէկ փակեցին Սայտայի ելեկտրականութեան եւ Կեդրոնական դրամատան մասնաճիւղի մուտքի ճամբաները` բողոքելով ելեկտրականութեան յաճախակի ու երկարատեւ ընդհատման դէմ, ինչ որ պատճառ դարձած էր իրենց վաճառատուներու ուտեստեղէններու եւ պարէնի փճացման:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ արեւմտեան շրջանի Թարիք Ժտիտէ թաղամասին եւ այլ կեդրոններու մուտքին, դեղագործներ երէկ փակեցին իրենց դեղարանները` իբրեւ բողոք իրենց նկատմամբ ցուցաբերուող «անարդար եւ կոշտ» վերաբերմունքին դէմ: Դեղագործները կոչ ուղղեցին ժողովուրդին` դեղարաններուն փոխարէն դիմելու «բո՛ւն յանցագործներուն», որոնք տարբեր-տարբեր պատրուակներով կը մերժեն դեղորայք յանձնել դեղագործներուն: Անոնց կողքին զօրակցելով կը բողոքէր նաեւ նախանցեալ օր դեղագործի մը վրայ յարձակում գործած հայր մը` հարց տալով, որ իր «երեխային յանցանքը ի՞նչ է, որ դեղէ զրկուի»:

Նախորդը

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Դիւանագիտական Սայթաքո՞ւմ… Կա՞մ Երկդիմի Քաղաքականութիւն

Յաջորդը

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէն Ներկայացուց «Թոքիօ-2020»-Ի Ամառնային Ողիմպիական Խաղերուն Մասնակցող Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?