Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Առաջին Տարելիցին Ընդառաջ. Լաւատես Եւ Յոռետես Զգուշաւոր Մթնոլորտի Մէջ` Սերտ Ճիգեր Կառավարութեան Կազմութեան Գծով

Յուլիս 30, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջին քանի մը օրերը անկիւնադարձային կարեւորութեամբ նշուեցան Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ: Արդարեւ, շուրջ իննամսեայ «դադարէ» ետք կարելի եղաւ «նշանակել» նոր վարչապետ մը` Նեժիպ Միքաթի: Խորքին մէջ Միքաթի երրորդ անգամն է, որ կը ստանձնէ նման «առաքելութիւն», եւ ի տարբերութիւն իր նախորդին` Միքաթի աւելի «արագաշարժ» է: Փաստօրէն, պաշտօնապէս իր նշանակումէն ետք 48 ժամուան ընթացքին ան երեք անգամ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր նախագահ Միշել Աունի հետ քննեց կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները: Երէկ` հինգշաբթի, 29 յուլիսին իր կատարած երրորդ այցելութեան աւարտին, վարչապետ Միքաթի խոստացաւ Պաապտա վերադառնալ յառաջիկայ երկուշաբթի օր: Նախագահ-վարչապետ կարեւոր այս արագ ու յաճախակի  հանդիպումները խոստմնալից լաւատեսութեան ու վստահութեան որոշ մթնոլորտ ստեղծեցին: Այս իմաստով լիբանանեան թղթոսկին չնչին համեմատութեամբ վերարժեւորուեցաւ, երբ ամերիկեան տոլարին սակագինը 24 հազար լիբ. ոսկիէն նուազեցաւ մինչեւ 15 հազարի սեմը, ապա վերստին մագլցելով 18 հազարի սահմանը:

Այսուհանդերձ, լաւատեսութեան այս մթնոլորտը որոշ վերապահութեամբ եւ զգուշաւոր սպասումով կը դիտուի դէտերու կողմէ: Արդարեւ, հարց կը տրուի, թէ վարչապետ Միքաթի որքանո՞վ պիտի կարենայ իրագործել իր առաքելութիւնը, կամ արդեօք ան ալ ժամանակի վատնումով պիտի «զբաղեցնէ» հանրային կարծիքը` հասնելով խորհրդարանական նախընտրական ժամկէտին:

Լրատուական նախնական տեղեկութեանց համաձայն, ոմանք խիստ հաւանական կը նկատեն այնքա՜ն սպասուող կառավարութեան կազմութիւնը նախքան 4 օգոստոսի ժամկէտը, որ կը նշէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին առաջին տարելիցն ու այս առիթով նախատեսուող  Լիբանանի յատուկ օժանդակութեան համագումարի կայացումը: Իրազեկ դէտերու կարծիքով, 4 օգոստոսէն ետք կացութիւնը պիտի չըլլայ այն, ինչ որ էր նախքան 4 օգոստոս 2021-ը: Մէկէ աւելի տուեալներ կրնան հիմնաւորել այս վարկածը:

Ներքին իմաստով, վարչապետ Նաժիպ Միքաթիի եւ նախագահ Միշել Աունի միջեւ հանդիպումներն ու խորհրդակցութիւնները կ՛ընթանան համեմատաբար աւելի հեզասահ: Այս տպաւորութեան կը նպաստեն նախագահ Աունի յայտարարած պատրաստակամութիւնը` առաւելագոյն չափով դիւրացնելու կառավարութեան կազմութեան ճիգերը: Նմանապէս, վարչապետ Միքաթիի խոստացած «յանձնառութիւնը»` ականջալուր ըլլալու ժողովրդային պահանջներուն եւ անոնց շարքերէն ներկայացուցիչներ ներառելու կառավարութեան կազմին մէջ:

Նոյնքան կարեւոր զարգացում կը նկատուին վարչապետ Միքաթիի ի նպաստ տրուած դրական քուէները` անոր նշանակման առիթով, ինչ որ նոյնքան նպաստաւոր ազդակ է կառավարութեան կազմութեան դէմ ցցուող արգելքներու հարթումին մէջ, ուր գրեթէ բոլոր կողմերը առաջնահերթութիւն կը նկատեն կառավարութեան կազմութիւնը:

Փաստօրէն, կառավարութեան կազմութիւնը «բանալի» նախաքայլն է կացութեան կայունացման ու շատ մը տագնապներու լուծման ճամբուն վրայ, ինչպէս` ընտրական նոր օրէնքի մշակում եւ վաւերացում, լիբանանեան ընկերութիւններու մասնակցութիւնը Սուրիոյ վերակառուցման ծրագիրներուն, հարաւի ջրային սահմանագծումի փութացում եւ ամբողջացում, քայլեր, որոնց կիրարկումով Լիբանան կրնայ վերածաղկիլ եւ կայունանալ:

Այսուհանդերձ, այս բոլորը իրագործման հուն կը մտնեն` պաշտօնապէս որդեգրուելով կառավարութեան անդրանիկ յայտարարութեան մէջ, ուր ի միջի այլոց հիմնական կը նկատուին` Միջազգային դրամատան հետ բանակցութեանց վերսկսումը, փտածութեան բացայայտումի գլխաւոր «հարթակ» նկատուող` իրաւական հաշուեքննութեան կայացումը: Նմանապէս, տարիներէ ի վեր պահանջուող քաղաքական ու ընկերային բարեկարգումներու իրագործումը եւ փտածութեան հանգրուանային վերացումը:

Նաեւ` Արտաքին Մակարդակի Վրայ

Լաւատեսութեան զգուշաւոր այս մթնոլորտին առընթեր, նոյնքան խոստմնալից են նաեւ արտաքին կողմերու ցուցաբերած զօրակցութեան եւ օժանդակութեան պատրաստակամութիւնը:

Արդարեւ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի խորհրդական Միխայիլ Պոկտանով երէկ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ կը հաստատէ, որ կապ պահած է վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ` վերահաստատելով Լիբանանի զօրակցութեան Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը եւ թելադրելով  անյապաղ կազմել կառավարութիւնը:

Նմանօրինակ յայտարարութիւն կատարած էին նաեւ Միացեալ Նահանգներու պատկան պատասխանատուներ` խոստանալով «գործնապէս» օժանդակել Լիբանանին, անմիջապէս որ կազմուի կառավարութիւնը:

Իր կարգին, Հռոմի պապը, հակառակ Վատիկանի աշխարհագրական հեռաւորութեան, մօտէն կը հետեւէր ու կը հետեւի Լիբանանի կացութեան զարգացումներուն եւ քուլիսային սերտ շփումներով արտաքին առնչակից կողմերը կը «մղէ» դէպի Լիբանանի զօրակցութիւն: Այս գծով պապի ներկայացուցիչներ սերտ ու յաճախակի հաղորդակցութեան մէջ են լիբանանցի, ֆրանսացի, ամերիկացի եւ սէուտցի պատասխանատուներու հետ:

Նոյն ծիրին մէջ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ սէուտցի իշխան Ֆայսալ Պըն Ֆարհան եւ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան խորհրդակցած են այլ հարցերու կողքին նաեւ Լիբանանի մասին` պատրաստակամութիւն յայտնելով օգնելու եւ զօրակցելու  Լիբանանին: Վերջինս շեշտակիօրէն կարեւոր է նկատի ունենալով, որ անիկա լիբանանցի կարգ մը վարիչներու դէմ Ֆրանսայի «նախաձեռնած» Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներու որդեգրման նախօրեակին կը յայտարարուի:

Լաւատեսութեան այս ազդակները սակայն զերծ չեն անխուսափելի դժուարութիւններէ եւ մարտահրաւէրներէ, ինչպէս` լիբանանեան ժողովրդային պոռթկումի «հանդարտեցումը»: Գաղտնիք չէ, որ յաճախակիօրէն փողոց իջնող ցուցարարներ վերջին ժամկէտ յայտարարեցին 4 օգոստոս 2021-ը, որմէ ետք անոնք սպառնացին սաստկացնել իրենց քայլերը, եթէ իրենց պահանջները անտեսուին:

Նաեւ պէտք չէ մոռնալ Լիբանանը «անկիւնի վրայ սպասող» մնայուն թշնամին` Իսրայէլը, որուն ղեկավարներէն Պիլի Կանց ազդարարեց, թէ «որեւէ օժանդակութիւն Լիբանանին փոխադարձաբար պէտք է տկարացնէ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի ներկայութեան հեղինակութիւնը»:

Նախորդը

Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումի Առաջին Տարելիցին Ընդառաջ. Ռոնալտինիօ Եւ Մարզական Խումբեր Կ՛այցելեն Պայթումի Վայրը

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Կը Հաստատեն Երկկողմանի Անմիջական Խորհրդակցութիւններ Կազմակերպելու Իրենց Առաջարկը

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?